Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

Մեր թատերական աշխարհի յայտնի աստղերէն Պերճուհի Պէրպէրեան ներկայ Ամանորի սեմին ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım»։ Երկար տասնամեակներ Պերճուհի Պէրպէրեան գործունէութիւն ծաւալած է՝ որպէս դերասանուհի եւ բեմադրիչ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

Հայաստանի խորհրդարանէն ներս, Սիւնիքի մարզէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ քննարկում՝ սահմանամերձ շրջաններու մէջ ստեղծուած իրավիճակին, առկայ խնդիրներու լուծման ուղիներուն, սահմաններու ճշգրտման, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հիմնահարցերու շուրջ:
Ատրպէյճան կը պահանջէ Որոտանի եւ Շուռնուխի՝ տասնեակ բնակարաններով հատուածներու իրեն յանձնուիլը, գիւղապետները որպէս հակափաստարկ կը ներկայացնեն 1970-ական թուականներու քարտէսներ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Զանազան մակարդակներու վրայ սկսած են լսելի դառնալ քննարկումներ, որոնց հիմքն ու շօշափած հիմնախնդիրները կը տարածուին հորիզոնական գծի մը երկայնքով։ Արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը փակուա՞ծ է կամ արդեօք այս փուլն ալ «անցո՞ւմ» մըն է՝ դէպի աւելի բախտորոշ ժամանակներ...

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ներկայ տօնական շրջանին «Փոքրիկ» կայքէջը նոր թափ տուած է իր թողարկումներուն՝ ուղղեալ նորահաս սերունդին։ Մանկապատանեկան ընթերցումները խրախուսելու հետամուտ այս կայքէջը տօնական շրջանի համար՝ որպէս նուէր վերապահած է նոր նախագծեր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները այս տարի տեղի ունեցան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ։ Յամենայնդէպս, հոգեւոր ուրախութիւնը որոշ չափով զգալի էր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր պատարագեց Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայրենիքը Աստուծմէ ետք ամէն բանէ վեր է։ Անձերը կու գան ու կ՚երթան, բայց մնայունը՝ Հայրենիքն է, այն Հայրենիքը, որ այսօր մեզմէ շատերը փոխարինած են անձով մը..., իսկ անձնապաշտութիւնը կը տանի Հայրենիքի քայքայումին ու վերացումին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ միացած եւ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Բարոյական կեանք կը նշանակէ՝ բարոյական օրէնքին հնազանդութիւն, իսկ բարոյական օրէնքը աստուածային Իմաստութեան գործն է։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020

Հայաստանի կառավարութեան շէնքը երէկ 5 ժամ ընդդիմադիր ցուցարարներու շրջափակման տակ մնաց: Ոստիկանութիւնը խստիւ միջամտեց եւ ձերբակալութիւններ կատարեց: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նստացոյցերը շարունակուեցան: Երեկոյեան Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի երթեւեկը կասեցուեցաւ:
Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, բացառուած է Նիկոլ Փաշինեանի մնալը. «Անկարելի է այդպիսի մարդ մը թողուլ իշխանութեան գլուխ։ Փողոցէն պատահական մէկը տասն անգամ աւելի լաւ կ՚ըլլայ»:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Արման Տիլանեանը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Տան անկիւնները կը խուզարկէ, կարծես ներքուստ անհանգիստ՝ բան մը կը փնտռէ:
Փոշեկուլը ձեռքը առած լաւ մը կը մաքրէ յատակները, կը դիտէ կեղտերուն կլլուիլը, թէ ինչպէ՞ս հովին զօրութեամբ կը քաշուին անոնք բջիջ առ բջիջ, կը վերանայ հին, բոյն դրած փոշին, կ՚անհետանայ նեխածը, կը մնայ մաքուրը:  

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք անհաղորդելի մարդոց, որոնք անջատուած հասարակութենէ, կը վստահին իրենց զօրութիւններուն եւ չեն ուզեր հաղորդուիլ, յարաբերութիւններ մշակել ուրիշներու հետ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020

Անթիլիասի հոգեմտաւոր արժէքներուն՝ ձեռագրերու, հնատիպերու եւ գիրքերու նիւթին շուրջ, վերջերս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020

Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազանգերով շնորհաւորեցին Իլհամ Ալիեւի ծննդեան 59-րդ տարեդարձը:
Ատրպէյճանի նախագահը քննադատեց այն մահմետական երկիրները, որոնք բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակեն Հայաստանի հետ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020

Հայկական մարզաշխարհը կը սգայ ֆութպոլի առասպելական աստղերէն Արքատի Անդրէասեանի մահը։ 73 տարեկան հասակին ան մահացաւ Երեւանի մէջ, ինչ որ խոր ցաւ յառաջացուց։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս ելոյթ մը ունենալով կրկին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական աղբիւրներու մօտ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար ապահոված եռակողմանի համաձայնութեան դրոյթներու գործադրութեան ընթացքին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020

Երեւանէն այս առաւօտ հասած դրուագները դարձեալ խորապէս մտահոգիչ պատկեր մը կը ցոլացնեն։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին բերումով երկիրը կը մնայ քաղաքական տագնապի ճիրաններուն մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020

İstanbul Kültür A.Ş.-ի հրատարակած գրքի շնորհանդէսին Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան:
Գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու եւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները մէկտեղուեցան «Մալթա» ապարանքին մէջ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020

Կը տեղեկանանք, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է հրատարակութեան ծրագիր մը կեանքի կոչել՝ ի յիշատակ իր նախկին ատենապետին՝ հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի։ Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ ամիսներուն Յարութիւն Շանլը զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այդ չարաբաստիկ կիրակին, լոյսը բացուելուն պէս իմ քաղաքը՝ ծննդավայրս յայտնուեցաւ հռթիռակոծութեան տակ: Մինչդեռ ընդամէնը ժամեր առաջ, շաբաթ օրը ուրախ ու զուարթ նշած էինք մեր սիրելի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օրը:

Էջեր