Արխիւ
ԵՐԱՄ
Ետեւի կողմը բակ մը կայ։ Երեւանեան բակ մը, իր ջերմութեամբ, սովետական ետնաբոյրով, լուացքի երկար, սահմանախախտ թելերով, խառն գոյներով եւ, անշուշտ, հարեւաններով։
Մեր պատշգամը եթէ նստիս, ճի՛շդ դիմացդ, քեզմէ քիչ մը ցած ու քսան մեթր հեռու գտնուող տանիքին վրայ երկար ու բաւական հաստ ձող մը կը տեսնես։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիկնոջ մը մասին զուարթ պատմութիւն մը կը պատմուի, թէ օր մը նախաճաշի ընթացքին նամակ մը կը կարդար։ Ան, կարդալու միջոցին ուտելը յանկարծ դադրեցնելով, կասկածի իմաստալից նայուածքով իր ամուսինին կ՚ըսէ. «Գէորգ, այնպէս կ՚երեւի թէ մայրդ մեզի այցելութեան պիտի չգայ»։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղը։ Ինչպէս ծանօթ է, ՀԲԸՄ աշխարհի խոշորագոյն հայկական հասարակական կազմակերպութիւնն է, բարենպատակ ցանցը։
Էրտողան. «Համաճարակի տարածման թափը կրնանք կասեցնել երկու-երեք շաբաթուան ընթացքին»:
Թուրքիոյ մէջ ինն օրերու կտրուածքով քորոնաժահրի զոհերու թիւը հասաւ 59-ի, մինչ կայ նաեւ 2433 վարակուած՝ ըստ վերջին տուեալներուն: Հեռակայ դրութեամբ ուսուցումը պիտի շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի 30-ը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սա լարուած ու ճգնաժամային օրերուն մեր զուարճասէր ժողովուրդը չէ կորսնցուցած կատակելու զգացումը։ Հայերը համաճարակէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը կը համարեն ծիծաղն ու բարձր տրամադրութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամուր, կազմակերպուած եւ կուռ թուացող աշխարհը մուտք գործած է անկանխատեսելիութեան ժամանակաշրջան մը: Վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Պարզ ու համառօտ հարցում մը, որուն այսօր ոչ ոք կրնայ պատասխանել:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սարկաւագը Սուրբ Աւետարանը բարձրացնելով՝ ժողովուրդին համբուրել տալով, ի՞նչ խորհուրդ ունի:
Պատասխան. Որովհետեւ քիչ ետք Աւետարան պիտի կարդացուի, սարկաւագը ժողովուրդին հաւատքն ու ուշադրութիւնը կ՚արթնցնէ՝ Սուրբ Աւետարանը բոլորին առջեւ բարձրացնելով եւ ժողովուրդին կամ քահանաներուն մէջէն պատուաւոր մէկու մը համբուրել տալով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէ մարդիկ մինչեւ իսկ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ՝ ո՛րքան ենթակայ են անիրական երեւոյթներէ եւ անիմաստ ու անբանաւոր վախերէ ազդուելու եւ տարուելու, ասոր մէկ ապացոյցը տրուեցաւ նոյեմբեր 1938-ին, երբ ձայնարձակի միջոցով Նիւ Եորքի Մըրքըրի թատրոնը բեմադրած էր «Աշխարհներու պատերազմը» անունով թատերախաղ մը՝ որուն մէջ ճարպիկ դերասան՝ Օրսըն Ուէլս՝ կենդանի կերպով կը պատկերացնէր, թէ ի՛նչպէս Հրատ մոլորակի «բնակիչներ»ը վար իջած են մեր երկիրը՝ մարդոց հետ պատերազմելու համար։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագ՝ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ:
Չարխափան Սուրբ Աստուածածնի սրբապատկերին առջեւ. «Ընկալ Տէր զաղաչանս մեր, ներեա, քաւեա եւ թող զմեղս մեր…»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան աշխուժօրէն ներգրաւուած է երկրէ ներս քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին՝ յատկապէս հասարակութենէն ներս գիտակցութեան մակարդակի բարձրացման ուղղեալ ջանքերուն։
Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի տարածքի ճակատագրի հարցը միշտ կը մնայ օրակարգի վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, երբեմնի դպրոցի եւ յարակից համալիրի մէջ կրթական գործունէութիւն կը ծաւալուէր Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես վերջին օրերուն հանդէս եկաւ կոչով մը՝ աշխարհի բոլոր անկիւններուն հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։ Ընդհանուր քարտուղարը կլոպալ այս հրադադարի կոչը ուղղեց՝ քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ։
Սպանացի բժիշկները նշած են ժահրերէն մարմինը պաշտպանող մթերքները։ Այսպէս, սպանացի բժիշկները թուարկած են այն մթերքները, որոնք կրնան օգնել իմունային համակարգի աշխատանքին։
Բժիշկները բացատրած են, թէ ինչպէս գրպանի խելացի հեռաձայնները եւ համակարգիչները ուղեղը կը վերածեն «աղբակոյտի»։ Այսպէս, բջիջային խելացի հեռաձայններու եւ համակարգիչներու չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ յառաջացնել ուղեղի գերյոգնածութիւն, ինչ որ կը յանգեցնէ խելագարութեան եւ ճնշուածութեան զարգացման:
Թայլանտի մէջ մարդամեքենաները կը խնամեն քորոնաժահրով հիւանդները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Չուլալոնկքոռնի համալսարանը եւ Advanced Info Service (AIS) կապի գործարկուն Թայլանտի մէջ մշակած են 5G փորձագիտութիւնով խելացի մարդամեքենաներ, որոնք կրնան հետեւիլ եւ խնամել քորոնայով վարակուած հիւանդները:
Փլասիտօ Տոմինկօ վարակուած է քորոնաժահրով։ Այսպէս, սպանացի աշխարհահռչակ օփերայի երգիչ Փլասիտօ Տոմինկօ վարակուած է քորոնաժահրով։
Մալտիւներու մէջ աշխարհի վրայ առաջին առողջարանը բացած են քորոնաժահրով վարակուածներու մեկուսացման համար։ Այսպէս, Մալտիւներու մէջ աշխարհի վրայ առաջին կղզային առողջարանը բացած են մեկուսացնելու համար այն զբօսաշրջիկները, որոնք կրնան ախտահարուած ըլլալ COVID-19 քորոնաժահրով:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով մահացած է եւս 7 հոգի։ Այսպէսով զոհերու թիւը բարձրացած է 44-ի։ Երէկ երկրին մէջ կատարուած է 3 հազար 952 քննութիւն, որու հիման վրայ յայտնաբերուած է 343 նոր հիւանդ։
Քորոնա համաճարակի դէմ պայքարի օրերուն, Իսթանպուլի մէջ առօրեան յառաջ կը տարուի՝ մասնաւորապէս դէպի բնակարաններ առաքումներու բարենպաստ ազդեցութեամբ:
Խանութպաններու կողմէ մատուցուած ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր միայն առեւտրական նշանակութեամբ, այլեւ՝ ընկերային զօրակցութեան տեսակէտէ դարձած է օրինակելի: