Արխիւ
ԵՐԱՄ
Երեկոն մօտ էր արդէն։
Զանայի ամբողջ օրն անցեր էր լարուած սպասումով։ Որոշեր էր արդէն ուշ առաւօտուն, որ պիտի երթար, պիտի կանգնէր Խորենացի-Լէօ խաչմերուկի մօտ, ու սպասեր... գուցէ, թերեւս, բախտը բացուէր այսօր ու յայտնուէր ան, աղջիկը շուկայի...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վաղը ճակատագրական օր է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին համար։ Անցնող ժամերուն տեղի ունեցած զարգացումները արդէն ցոյց տուին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները վճռած են Ծառուկեան-գործօնը «խաղ»էն հանել եւ դանդաղ, սակայն հաստատուն քայլերով զերոյի հաւասարեցնել իր ամէն տեսակի եւ մակարդակի ազդեցութեան յենարանները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կը յիշեմ, ժողովուրդը ի սկզբանէ չէր ուզեր Սերժ Սարգսեանը։ Սակայն, ի հեճուկս ամէն տեսակ ըմբոստացումներու, ան ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ։
Հանր. նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի նիստը:
Թուրքիա կը պատրաստուի նոր քաղաքականութիւն մը մշակել 1915-ի դէպքերուն շուրջ:
Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրմի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները։
Էսաեան վարժարանի աշակերտութեան ծնողներուն անունով երկու ներկայացուցիչ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։
Ինչո՞ւ եգիպտական արձաններու շատերու քիթերը կոտրած են։
Եգիպտական արձաններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող հետազօտողներու կարծիքով՝ արձաններու քիթերու կոտրած ըլլալը թերեւս ժամանակի ընթացքին քայքայման հետեւանք է:
Նոր քորոնաժահրի տարածումը ներկայացնող արուեստի գործերը արդէն ընդգրկուած են Սմիթսոնեան կաճառի «Բռնկում․ համաճարակները մերօրեայ փոխկապակցուած աշխարհին մէջ» խորագրեալ հաւաքածոյի մէջ։
Եւրոպական երկիրները կը շարունակեն մեղմացնել քորոնաժահրով պայմանաւորուած սահմանափակումները: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, BBC-ն կը տեղեկացնէ, որ Անգլիան կը բանայ ոչ-պարէնային ապրանքներու խանութները, Ֆրանսան կը վերաբանայ սահմանները Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու հետ, իսկ Սպանիան կ՚ընդունի առաջին զբօսաշրջիկները Գերմանիայէն:
Zara նորաձեւութեան տունը եւս տուժեց քորոնաժահրի համաճարակէն ու որոշում առնելով փակեց աշխարհի փոքրաքանակ վաճառում ընող շուրջ հազար խանութներ: Յունիսի 12-ին ընկերութիւնը յայտարարեց, որ 1000-1200 խանութ կը փակուի ու միջոցները կ՚ուղղուին առցանց վաճառքի ռազմավարութեան:
1947 թուականին Իտալիոյ Ռեճճիօ Էմիլիա քաղաքին մէջ Աչիլ Մառամոտի, ոգեշնչուելով մօր կողմէ փոխանցուած դերձակութեան կիրքէն, սկսաւ զբաղիլ անհատական ընտրանիի հագուստներու ձեւագծումով։ Մառամոտի առաջիններէն էր, որ տեսաւ, թէ նորաձեւութեան ապագան պիտի դրուի ձեւագծումային որակի հագուստի զանգուածային արտադրութեան մէջ:
Ֆրանսական Dior նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է սքութըրներու սահմանափակ քանակութեամբ նոր տեսակ մը՝ իտալական Vespa ապրանքանիշի հետ համագործակցութեամբ: Ստեղծման ոգեշնչումը Հռոմն է եւ «Հռոմէական արձակուրդներ» շարժանկարը, որուն մէջ Օտրի Հեփպըրնն ու Կրեկորի Փեքը կը վարէին նման սքութըր մը:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր նորակերտ շիրիմը կը բացուի։ Ոմանց համար յարգանքի արտայայտութեան նշան, ոմանց համար հետաքրքրական, ոմանց համար՝ սովորական, ոմանց համար յապաղած արարողութիւն մը ըլլալ կը թուի այս մէկը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ մեծանուն գրող, փաստաբան եւ քաղաքագէտ Գրիգոր Զօհրապի գլուխգործոցներու մէջ առաձնայատուկ տեղ ունին անոր ստեղծած դիմանկարները:
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Փողոցի ծայրին աջ դարձող, կամ ալ շիտակ գացող ուրիշ թրամվայներու գիծին դիմաց, սրճարանի մը ետեւ, ներս քաշուած եռանկիւն տարածութեան մը վրայ միակ խանութ մը կար, որուն լոյսերը ամէն անգամ առջեւէն անցնելուս, ես միշտ մարած կը տեսնէի եւ ապակիէ թափանցիկ հաստ դուռին գոց ըլլալն ալ, հեռուէն դիւրին կը հաստատուէր...:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կ՚ուզենք ներկայացնել Հայ Եկեղեցւոյ «Ծիսական Գիրք»երը՝ օգտուելով Նորայր Արքեպս. Պողարեանի «Ծիսագիտութիւն» գիրքէն։ (Ծիսագիտութիւն, 1990 Նիւ Եորք)։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «…երբ տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին» (Յհ 6.19):
Մեկնութիւն. Ոմանք կ՚ըսեն, թէ այս ու Մատթէոսի [Աւետարանին] մէջ պատմուածը տարբեր դէպքեր են, սակայն նոյնն էր թէ՛ ժամանակէն, թէ՛ տեղէն, թէ՛ ժողովուրդէն, որովհետեւ նոյն օրը երբ հացը կերան, աշակերտները գիշերը նաւ մտան ու գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս իրենց մօտ եկաւ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի եւ Մոլտովայի Արտաքին գործոց նախարար Օլեք Ցուլիայի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ Քորոնաժահրի համավարակի շրջանէն վերջ Ճեւատ Զարիֆ եղաւ՝ Թուրքիա այցելած առաջին օտար նախարարը։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վերջին վիճակագրական տուեալները հետզհետէ աւելի անհանգստացուցիչ պատկեր մը կը պարզեն։ Մասնագէտներ արդէն միջոցէ մը ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէին, որ համավարակի տեսակէտէ երկիրը նոր տագնապի մը առջեւ կրնայ յայտնուիլ։