Արխիւ
Արձակագիր եւ թարգմանիչ Վարուժան Նալպանտեան ծնած է 14 դեկտեմբեր 1929 թուականին՝ Գահիրէ, Եգիպտոս։ Ան 2010 թուականի օգոստոսի այս օրը մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան Խորհրդային Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ դարձած է 1971 թուականին։
Վրաստանի նախկին նախագահ Միխէիլ Սահակաշվիլի յայտարարեց, որ որոշած է վերադառնալ իր երկիրը։ Նախագահական աթոռէն հեռանալէ վերջ ան լքած էր Վրաստանը ու երկար ժամանակ ապրած՝ Ուքրայնոյ մէջ զբաղեցնելով զանազան պաշտօններ։
«Ֆրեսքօ»ն այս տարի 7-րդ անգամ կը կազմակերպուի բազմակողմանի ծրագրով մը:
Նախատեսուած են յայտնի անուններու՝ Ճիվան Գասպարեանի եւ Ռուբէն Հախվերդեանի ելոյթները:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտնեց, որ վերջին շրջանին քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ բուժուած հիւանդներու թիւը աւելի նուազ է՝ նոր վարակեալներու բաղդատմամբ։ Հիւանդներու թիւը հակակշռի տակ պահելու ճանապարհը՝ նոր վարակեալներու թիւի նուազեցումն է։
Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ օծուեցաւ Մայր Տաճարի զանգակատան խաչը։ Օծման արարողութեան հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։
Սուրիահայ բժիշկ Յակոբ Յովակիմեան արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հերոսի բարձրագոյն կոչման։ Ան յայտնի սրտաբան մըն է եւ այս կոչումին արժանացած է՝ բազմաթիւ կեանքեր փրկած ըլլալու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի բերումով։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ Շահին Չընար, որ նոյն կրթօճախի երկարամեայ տնօրէնն է։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին հիմնադրի ներկայացուցիչն էր հոգելոյս Կարապետ Մխալեան, որու մահէն վերջ ներկայիս իրեն կը յաջորդէ Շահին Չընար։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար. «Թուրքիան եւս կողմ է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան»:
Հուլուսի Աքար «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ հանդէս եկաւ աննախընթաց յայտարարութիւններով:
Պատրիարքարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած է տնտեսական օրակարգով հանդիպում մը։ Ցաւալի է, որ համայնքէն ներս կը խորանայ Գումգաբուի մէջ շղարշի ետին ժողովներ կազմակերպելու նախընթացը։
Օսմանեան թատրոնի մէջ հայոց դերակատարութեան եւ ներդրման շուրջ հետաքրքրական ելոյթ մը:
Յայտնի արուեստագէտ Պօղոս Չալկըճըօղլու երէկ երեկոյեան խօսեցաւ Գնալը կղզիի «Քամոս»ի պարտէզէն ներս:
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը վերջերս մասնաճիւղ մը հաստատեց Մոսկուայի մէջ։ Այսպէս, 26 օգոստոսին բացուեցաւ երրորդ միջազգային ԹՈՒՄՕ կեդրոնը՝ Փարիզէն եւ Պէյրութէն վերջ։
Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռայնիսի փողոցին մէջ երէկ առաւօտ պատահած պայթումին հետեւանքով դժբախտաբար մէկ հոգի մահացաւ։ Փողոցի թիւ 3 հասցէի շէնքը կազի արտահոսքի հետեւանքով պատահած պայթումով փլաւ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին Moderna ընկերութեան կողմէ, որու համահիմնադիրներէն եւ սեփականատէրերէն է ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Moderna-ի փորձարկումները կ՚ընթանան յաջող հունի մը մէջ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններուն թիւը առաջին անգամ գերազանցեց 100 հազարի շեմը։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
ԱՄՆ մտահոգուած՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ծագած առկայ լարուածութեան պատճառով: Թրամփ Էրտողանի եւ Միցոթաքիսի հետ հեռախօսազրոյցներով քննարկեց արեւելեան Միջերկրականի իրադրութիւնը:
Ռուսաստան ներկայ լարուած շրջանին կը խտացնէ իր շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Սերկէյ Լաւրով երէկ ընդունեց Ճէյհուն Պայրամովը եւ խօսեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի հետ. բանակցութիւններու վերսկսման համար խրախուսանք:
Համայնքային շրջականերէ ներս ներկայիս միշտ օրակարգի վրայ է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընկերային զօրակցութիւնը խթանելու առաջնահերթութիւնը։ Համաճարակով պայմանաւորուած խնդիրները, տնտեսութեան ծանր կացութիւնը եւ այլ գործօններ ընկերային զօրակցութեան շարժումները կը դարձնեն առաջնահերթ։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Աղէտը միայն MACRO, բազմապատկուած MICRO: Լիբանանը աղիտալի վիճակի մէջ է, նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը Պէյրութը աւերեց:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին եօթ-ութ ամիսներու ընթացքին աշխարհի բնականոն հունը կանգ առաւ եւ արդէն իսկ աշխարհը նոր հուն մը սկսած է որդեգրել իրեն համար, շարունակելու իր ընթացքը: Այս փոփոխութեան պատճառը թագաժահր կոչուող վարակն է:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հոգերու տակ կքած ծերունի մայրը, աւելի քան տասն տարի առաջ, դեկտեմբերի 13-ին ստացաւ ուղեղի կաթուած: Աւա՜ղ ստոյգ թուականը չեմ յիշեր: