Արխիւ
Այվազեան եւ Զալքալիանի կարեւորեցին հայ-վրացական բարեկամական գործակցութեան խորացումը:
Միայն բոլորի շահերու հասցէագրումով կարելի է երաշխաւորել տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:
Զարիֆ Պաքուի այս օրուան շփումներէն վերջ կ՚անցնի Մոսկուա, իսկ չորեքշաբթի՝ Երեւան:
Իրան կը ձգտի իր դերակատարութիւնը յստակեցնել՝ Կովկասի նոր իրավիճակի պայմաններով:
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ այսօր բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Իսթանպուլի մէջ։ Երկու հարեւան երկիրներու միջեւ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Անցեալ ժամանակաշրջանը Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ բնորոշուեցաւ լուրջ լարուածութիւններով։
Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան դարմանում կը տեսնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին՝ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան դրուած զանազան պնդումներու լոյսին տակ: Անհրաժեշտ դեղօրայքը ապահովելու նպատակով շարժման անցած են համայնքային շրջանակները:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց՝ Արցախի ղեկավարի մասնակցութեամբ:
Երեւանի համոզմամբ՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան համատեղ ռազմափորձերը չեն վկայեր խաղաղ մտադրութիւններու մասին:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաժեշտի պատգամ մը հրապարակեց՝ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատման կապակցութեամբ։ Ան գրեց, որ Արցախի մէջ խոր ափսոսանքով ընկալուած է այս լուրը։
Երէկ, ժամը 13.30-ին, Հանրապետութեան նախագահութեան դիւանապետներէն Հասան Տողանի հիւրընկալութեամբ՝ հայ, յոյն, ասորի եւ հրեայ համայնքներէ երիտասարդներ ընդունուեցան Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան, Պատրիարքարանի «Մենթի-Մենթոր» ծրագրէն 14 երիտասարդներ՝ առաջնորդութեամբ ծրագրի վարիչներէն Մերի Թաքսի Տեւէճեանի եւ Արաս Եոլուսեւէրի։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ գիւղ գացած էի, տղուս մօտ: Ripon կը կոչուի այս մէկը, որ Ֆրեզնոյէն մօտաւորապէս երկու եւ աւելի ժամ դէպի հիւսիս կը գտնուի եւ որուն տարին քանի մը անգամ էրիկ-կնիկ կ՚այցելենք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպէն ետք նոր միջավայր, նոր առօրեայ եւ նոր շրջապատ։ Պատերազմի թոհուբոհը, դժուարին պայմաններէն մինչեւ Երեւանի այն օրուան խաղաղ երդիքին տակ ըլլալու ուրախութիւնը։
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Դիւանագիտութիւն չեմ ուսանած, ոչ ալ դիւանագէտ ըլլալու յաւակնութիւններ ունիմ։ Սակայն՝ այս օրերուն մեր շուրջը պատահածներուն ի տես՝ ճչալու, աղաղակելու, բարձրաձայն պոռթկալու անզուսպ պահանջք մը զիս կը խեղդէ։
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Կրնա՞յ քարոզ տրուիլ Հաղորդութեան, հաւատացեալներուն Սուրբ Խորհուրդէն հաղորուած ժամանակ:
Պատասխան. այս բանը հնարաւոր չէ, որովհետեւ այդ բանին մէջ անյարգալից վերաբերմունք կայ այդ սուրբ վայրկեաններուն նկատմամբ, եւ անուշադրութիւն Խորհուրդէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ՝ պահանջք մը անոր բնութեան։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) նոր կրթաթոշակներ սահմանեց՝ Օքսֆորտի համալսարանէն ներս դասական հայագիտական հետազօտութիւնները խրախուսելու նպատակով։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ հայկական երաժշտութեան երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ֆրանսացի նախարարը օր մը առաջ ալ զրուցած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արա Այվազեանի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան։ Ծինատալի մէջ ան ընդունուեցաւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը արդէն կը ձեռնարկէ տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան:
Ճեւատ Զարիֆ վաղը կ՚այցելէ Պաքու, իսկ չորեքշաբթի շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ՝ Մոսկուայի եւ Թիֆլիզի առընթեր:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ գործնական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին վերաբերեալ հարցեր։
«Սիւնեցիները իրենց մորթին վրայ կը զգան ենթակայութեան խայտառակ համաձայնագրին հետեւանքները»:
«Մետաքսի ճանապարհ»ի վերականգնման ծիրէն ներս Սիւնիք մէկ կողմէ կրնայ Չինաստանը կապել Եւրոպայի հետ, իսկ միւս կողմէ կրնայ կտրուիլ Իրանէն: Ըստ Վահէ Յակոբեանի, Հայաստանի այժմու կառավարութիւնը կը ջանայ հասնիլ Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանի գործունէութեան կասեցման: Ընդդիմադիր մամուլը միշտ կը մատնանշէ վտանգներ: