Արխիւ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ հրաժեշտ տրուեցաւ հանգուցեալ Մաքրուհի Գուրանին:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մխիթարեց Նատիա Թաշէլն ու Արամ Գուրանը, որոնց յայտնեց ցաւակցութիւն:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անցեալ տարի էր, օրեր առաջ որոշեցինք հանդերձ ընտանեօք՝ ես, ամուսինս ու մեր երկամեայ փոքրիկ մանչուկը, զբօսնուլ գիշերային Երեւանով։ Թէպէտ դուրսը ձմեռ էր՝ դեկտեմբեր ամիս, սակայն չկար ձիւն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհի մէջ այս օրը՝ յունուար 16-ը, մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ Պիթըլզի համաշխարհային օր: Օրը բրիտանական հռչակաւոր ռաք խումբի՝ «Տը Պիթըլզ»ի անունով հռչակած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, նկատի ունենալով, որ 1957 թուականի այդ օրը բրիտանական Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ բացուեցաւ The Cavern ակումբը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այն որ հաւատք ունի, ան որ յոյս ունի եւ ան որ սէր ունի, անոր համար երբեք գոց դուռ չկա՛յ։
Այս ուղղութեամբ մահը «գոց դուռ» մը չէ, սակայն ըստ էութեան «դո՛ւռ» մըն է։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկային ձեռնարկել Սահմանադրութեան փոփոխութեան:
Փաշինեան ներկայ տարեմուտին շեշտը կը դնէ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման վրայ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ «Աքշամ» թերթին տրուած հարցազրոյցի արձագանգները կը շարունակուին:
Գումգաբուի աղբիւրները հրապարակեցին մանրամասնութիւններ՝ Նորին Ամենապատուութեան յայտարարութիւններուն շուրջ:
Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կէնճէր» համերգասրահի երդիքին տակ անցեալ կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Պաքըրգիւղի Երաժշտանոցի հիմնարկի հովանիին տակ գործող Աթագիւղի «Մեծ երգչախումբ»ը հանդէս եկաւ համերգով մը, որու գեղարուեստական ղեկավարն էր Չեթին Քէօրիւքճիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան զուգահեռ՝ ներկայիս կը սպասուի պետական հրամանագրի Գումգաբու հասնելուն։ Գահակալութեան արարողութենէն առաջ հաւանական կը համարուէր համապատասխան շնորհաւորական հրամանագրի Պատրիարքարան հասնիլը, սակայն այդ սպասումները չարդարացան։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով ընտրութիւնը։
Էրտողան ընդգծեց, որ հայ համայնքը Թուրքիոյ համար անուրանալի արժէք մըն է եւ ինք ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ զայն՝ պատմական նշանակութիւնով։
Նորին ամենապատուութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Անգարայի կուսակալ Վասիփ Շահինի կողմէ: Իրեն ընկերացան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
Նախագահական պալատի երդիքին տակ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ հարցերու լուծման հեռանկարներուն շուրջ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 յունուար 2020, երեքշաբթի, առաւօտ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնական այցելութիւն տալու համար մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
ԵՐԱՄ
Գահիրէի ամենաաղքատիկ թաղամասերէն մէկուն մէջ մեծցած էր փոքր եղբօր հետ։ Ծնողները ուշ ամուսնացած, ուշ ծննդաբերած զոյգ մըն էին։ Մահացեր էին երկուքն ալ, մէկ ամիս տարբերութեամբ, երբ ինք տասնչորս տարեկան էր, իսկ եղբայրը՝ տասներկու։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Բանականութեամբ օժտուած միակ անգութ կենդանին կը շարունակէ վայելել կեանքը իւր բոլոր երանգներով։ Փափուկ բազմոցին կամ աթոռին նստած իր միակ առաւելութեամբ՝ ուղեղով անդադար կը խորհլ՝ ինչ ստեղծել աւելի ու աւելի ծուլանալու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը կրկնենք, թէ բնութիւնը տեւական բարեփոխման եւ վերանորոգման ենթակայ է։ Արդարեւ, ստեղծագործութիւնն ալ նոյնպէս տակաւին կը շարունակուի բարեփոխուելով եւ հետզհետէ նորոգուելով, որպէսզի կատարեալին հասնի, բոլորովին կատարելագործուի։
Պատրիարքական Աթոռի նորընտիր գահակալ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան փառաշուք արարողութեան եւ անդրանիկ մեծահանդէս Ս. Պատարագի արձագանգները կը շարունակուին համայնքային կեանքէն ներս։ Հաւատացեալ ժողովուրդը բարի տրամադրութիւններով եւ աղօթակից սրտով հոգեւոր հրճուանք կ՚ապրի՝ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս սկսած նոր շրջանին բերումով։
Յայտնի պարուսոյց Ժուլիա Մութլուի կողմէ գլխաւորուած պարախումբի «Աւանդական ծիսակատարութիւն»ը երէկ երեկոյեան կրկնուեցաւ՝ արժանանալով գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Ժուլիա Մութլուի մականին ներքեւ եւ Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ։
ՀԱՅՃԱՐ-ը, որ մեր համայնքի մասնագիտական գլխաւոր կազմակերպութիւններէն մին է, 2020 թուականը դիմաւորեց մասնաւոր ընդունելութիւնով մը, նաեւ ընդհանուր ժողովի գումարմամբ։ Այս կազմակերպութիւնը արդէն դարձած է 13 տարեկան եւ տարեմուտի առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն վեհարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ 7 Հայորդեաց տուներու ոլորտային զանազան դասարաններու եւ Մանրանկարչութեան կեդրոնի սաներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ Հայորդեաց տուները կը գործեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանիին ներքեւ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հալէպ. առաջին կայարան. Մանկութիւն ունեցող տղու մը յուշերը» խորագրով հատորը հեղինակին՝ Զաւէն Խանճեանին ծննդավայր Հալէպի մասին է: Այս գիրքը տպագրուած է սուրիական պատերազմի սկզբնական շրջանին՝ 2012 թուականին:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ինչպէս կենաց ծառը Ադամին կ՚ընէր, եթէ կերած չըլլար գիտութեան պտուղէն, կրնա՞յ ըլլալ, որ կինը ուրիշ տեղէ լսած ըլլար Մովսէսի օրէնքներէն կեանքի ծարաւի յատկութեան մասին: Հետեւաբար յայտնի է, թէ գիտութեան պտուղը չորս բանով վնասեց Ադամին. նախ՝ որովհետեւ կարօտ դարձաւ բոլոր պիտոյքներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կոչուած է մի՛շտ յառաջդիմելու, զարգանալու եւ միշտ աւելի լաւին, կատարեալին հասնելու։ Եւ այս բոլորը կարելի է ամփոփել կամ խտացնել մէկ վիճակի մէջ, որ է «յաջողութի՛ւն»։