Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք իրաւունքի մասին, որ անձին ամենակարեւոր եւ յատկանշական արժէքներէն մին է եւ առաջնակա՛րգը։ Արդարեւ իրաւունք եւ պարտք անբաժանելի են եւ մարդկային կեանքը կը հիմնաւորուի այս երկուքին ներդաշնակուած, հաւասարակշռուած առանցքին վրայ։
Պատրիարքական Աթոռոյ Եկեղեցական Համագումար Ժողովը Պատրիարքարանի մէջ կայացաւ 7 Դեկտեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը՝ 18.00-ին Նախագահութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահն է։
Պոմոնթիի եւ Բանկալթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը:
Հանգուցեալ բանասէր Գէորգ Բամպուքճեան ոգեկոչուեցաւ՝ Զեքիեան Գերապայծառի հովանաւորած երեկոյթով մը:
Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան համար թրքահայութիւնը կը փութայ քուէատուփի մօտ:
Գումգաբուի մէջ երէկ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով, իսկ այսօր Եկեղեցականաց համագումարը կ՚ընտրէ հոգեւորական պատգամաւորները:
Վաղը մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ քուէարկութիւն տեղի կ՚ունենայ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան համար:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս վերջերս Ուսուցչաց օրուան առթիւ տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ։ Առաջին առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին աշակերտները յայտագիր մը գործադրեցին իրենց ուսուցիչներուն համար։
Գալֆաեան տան սաներէն Էլիզապէթ Եիղիթօղլու եւ Արին Պաքըրճը վերջին օրերուն մասնակցութիւն բերին միջվարժարանային մարմնամարզի մրցաշարքի մը, որ կազմակերպուած էր «Քիւլթիւր» քոլէճին կողմէ։ Աթագիւղի TAF մարզադահլիճին մէջ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ շուրջ 700 աշակերտ։
Ամանորի սեմին Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ այս հանդիսութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսի բացման մասնակցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, որու կողքին էին իր գործակիցները։
Էսաեան վարժարանի 12-րդ դասարանի գիտական ճիւղի աշակերտներէն Շանթ Շիմշէքչաք վերջերս մասնակցութիւն բերաւ «Աճըպատէմ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէին կողմէ կազմակերպուած մրցումի մը։ IGEM (Int. Genetically Engineered Machine Competition) կոչուած այս մրցումը տեղի ունեցաւ երկու փուլով։
Կեդրոնական վարժարանին մէջ Ամանորի սեմին տեղի ունեցաւ քէրմէս մը ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Աւանդական այս ձեռնարկի բացման մասնակցեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր անմոռանալի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս յոբելենական ձեռնարկը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Այս մասին մտածեցի, երբ համակարգիչի լուսամուտին յայտնուեցաւ տեղեկութիւն մը: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ «ՀՀ-ՈՒՄ ԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԵԼ ՆՇԱՆԱԿԵԼ Է ԱՄԷՆ ԱՌԱՒՕՏ ԳՆԱԼ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ, ՍՈՒՐՃ ԽՄԵԼ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՏՈՒՆ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի զարգացումները կը շարունակեն գրաւել միջազգային լրահոսի կարեւորագոյն տեղերը։ Ընթացք առած ցոյցերը կը շարունակուին եւ երկրին մէջ առկայ է համընդհանուր փլուզման մտավախութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր «հաւատացեալ» պէտք է յստակօրէն ըմբռնէ, թէ «կրօնք» միայն Սուրբ Գիրք կարդալ, աղօթել, եկեղեցի յաճախել եւ մինչեւ իսկ «բարի» ըլլալ չի նշանակեր։ Իր բարձրագոյն իմաստով՝ կրօնք Աստուծոյ հետ անձնապէ՛ս յարաբերիլ, Անոր հետ մէ՛կ ըլլալ եւ Անոր մէջ Անոր կեանքը ապրիլ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օրէնքը արդարներուն համար չէ՛», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ (Ա ՏԻՄ. Ա 9)։ Եւ դարձեալ, բաղդատելով սէրը եւ օրէնքը, կը շարունակէ. «Սէրը օրէնքի լրումն է։ Ով որ ընկերը սիրէ, կը կատարէ օրէնքը» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 10)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Լիբանանի պատերազմի ահաւոր ու անգործ օրերուն անհատը կ՚որոնէր պատառը ստեղծելու միջոցներ: Ժառանգաբար փոխանցուած շնորհքը կը յայտնուի, գտած է պահը եւ անհատին մտապատկերին մէջ կը գծէ բնութեան բարիքները, մետաղներն ու քարերը կը միաձուլուին. «Արմատներս Պոլիսէն կու գան, հայրս դերձակ էր, մեծ հայրս՝ պղնձագործ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ տեսանելի ժամանակահատուածի բաղդատմամբ երկիրը ձեռք բերած է աննախադէպ քանակութեամբ սպառազինութիւն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան պիւտճէն 2018-էն ի վեր աւելցած է մօտաւորապէս 28 տոկոսի համեմատութեամբ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը վերահաստատեն իրենց միջնորդական յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս. պատուիրակութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւն:
Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները կ՚ընդգծեն մարդասիրական եւ անվտանգութեան յաւելեալ միջոցառումներու կարեւորութիւնը:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական մեծ հաւաքի մը։ Այս շաբաթավերջի ընտրութեան սեմին իր գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժման կողմէ կազմակերպուած եզրափակիչ ժողովրդական հանդիպումն էր այս մէկը։