Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020

Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։
Ահա, կարծես թէ կաշիի էքօ այլընտրանքը արդէն իրականութիւն դարձած է: 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020

Ճոն Թրավոլթայի կինը՝ դերասանուհի Քելի Փրեստըն, մահացած է քաղցկեղէ։ Այսպէս, 57 տարեկան հասակին կրծքագեղձի քաղցկեղէ մահացած է դերասանուհի Քելի Փրեստըն: Այս կորուստի մասին իր ամուսինը՝ դերասան Ճոն Թրավոլթա, յայտնած է Instagram-ի մէջ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020

Հնդկաստանի մէջ սկսած են վաճառել ադամանդներով պատուած պաշտպանիչ դիմակներ։ Այսպէս, Հնդկաստանի Սուրաթ քաղաքի ոսկերչական խանութներէն մէկը քորոնաժահրի տարածման ընթացքին սկսած է վաճառել ադամանդներով զարդարուած պաշտպանիչ դիմակներ, որոնց արժէքը 2-5 եւ աւելի հազար ամերիկեան տոլար է:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, հինգշաբթի երեկոյեան, Պատրիարքարանի ամարանոցի շէնքին մէջ ընդունեց Կղզեաց թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեծանուն գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի յուշագրութիւնը ուսումնասիրելու ժամանակ անդրադարձանք մանաւանդ Պոլսոյ իր դպրոցական կրթութեան դրուագներուն: Այս անգամ յուշագրութեան մէջ հանդիպեցանք ուշագրաւ դրուագի մը, երբ Աճառեան կը պատմէ Կեդրոնականի աւարտական քննութեան մասին:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Ժողովականները քննարկեցին Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

«Իսթանպուլ» աճուրդատան կողմէ վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ առցանց աճուրդ մը, որու ծիրէն ներս վաճառքի դրուած էր 46 գեղարուեստական նմոյշ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս առթիւ ամենամեծ գինը վճարուեցաւ Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն մէկուն համար, որ ընդգրկուած էր աճուրդի առարկաներու ցուցակին մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ վերստին հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ միջին հաշուով շաբաթ մը առաջուան տուեալներու բաղդատմամբ օրական նոր դէպքերու թիւը վճռած են հազարի շեմէն վար իջեցնել։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու հաւաք մը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որուն մասնակցեցան թեմակալ առաջնորդներ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող սրբազաններ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Գերմանիայէն Հայաստան մեկնեցան մասնագէտներ:
ԵՄ-ի «Team Europe» ծրարի շրջանակներէն ներս գործուղղուած առաքելութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 24-ը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ, որ կատարուեցաւ Տաւուշի մէջ, ըստ երեւոյթին, դեռ երկար ժամանակով կրնայ զբաղեցնել հայկական օրակարգը։ Խօսքը, անշուշտ, միայն ռազմական գործողութեան մը, փոխադարձ հրաձգութեան մը եւ անոր յաջորդած՝ զիրար դատապարտող (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ) հաղորդագրութիւններով չէ պայմանաւորուած։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը հերթական անգամ միջազգային օրակարգի վրայ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Հրադադարի խախտումները դատապարտուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ։ ՄԱԿ կոչ ուղղեց, որպէսզի մարտական գործողութիւնները դադրեցուին։ Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Ատրպէյճանական բանակի՝ երէկ գիշեր շարժման անցած հրասայլ մը կրակով կասեցուեցաւ հայկական զօրքերու կողմէ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Պաքուի արկածախնդրութեամբ ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակը պարզ դարձնելու համար ամենայն մանրամասնութեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հետաքրքրական էջեր կարելի է գտնել Հայ Մամուլի հին էջերուն մէջ՝ որոնք «մշտանորոգ հին էջեր» կարելի է անուանել, քանի որ պատմութիւնը, ընդհանրապէս դէպքերու կրկնութիւնն է՝ թէեւ տարբեր երեւոյթներով բայց էապէս նոյն կերպով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարիներ առաջ Թամարը, մեր միօրեայ վարժարանի լաւագոյն եւ օրինակելի աշակերտուհիներէն էր եւ որուն օրին յանձնած էի շրջանաւարտի յատուկ վկայագիր-վկայականն ու զանազան գնահատագրեր: Ու հակառակ քորոնայի ծանր օրէնք-պայմաններուն, թէեւ քիչ մը տատամսոտ եւ սակայն մենք մեզ լաւապէս «պատսպարած», պետական վարժարանէն երկրորդականի վկայականը իր ստանալուն առթիւ, երեկոյ մը, էրիկ-կնիկ «աչքի լոյս»-շնորհաւորանքի գացինք: Յատուկ հրաւէր: Նախ մերժեցինք:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.39):
Մեկնութիւն. Բազմաթիւ կերպերով կը լսուի վերջին օրը. նախ՝ որովհետեւ օրը չորս է. առաջին՝ ստեղծման օրը, որ երեկոյ ունի, բայց ոչ՝ առաւօտ: 

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արի Չոլաքի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գիտութիւն սիրողը իր սխալները կ՚ընդունի. յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1)։
Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց այն որ կ՚ատէ յանդիմութիւնը եւ կը մերժէ ամէն քննադատութիւն, հեռու կը մնայ գիտութեան բարիքներէն եւ անշուշտ իմաստութենէ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երջանկութեամբ, խաղաղութեամբ ապրելու համար որքա՜ն խոչընդոտներ, որքա՜ն նեղութիւններ կը ներկայանան մարդուն առջեւ։ Այս երեւոյթի պատճառը յաճախ կ՚ըլլայ մարդը՝ ինքն իր արարքներով, մտածողութեամբ։

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ինչպէս քանիցս ըսած էինք, ամերիկացիներուն համար՝ ընտանի կենդանին ընտանիքի հարազատ մէկ անդամը կը համարուի։ Ըստ պաշտօնական տեղեկագրութեանց, ուրեմն ամերիկացի ընտանիքներուն 68 տոկոսը ունի առնուազն մէկ ընտանի կենդանի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեզ բոլորս մտատանջող եւ յաճախ լսելի դարձող կայ հարցում մը, որ ժամանակի եւ պայմաններու սահմանափակումներէն դուրս է. հարցումը կ՚ըսէ, արդեօք մենք՝ հայերս հասկցած ե՞նք զիրար։
Մէկ քաղաքի, մէկ թաղի, մէկ շէնքի, մէկ երկրի ու մէկ աշխարհի մէջ ապրող հայերս կարողացած ենք զիրար լսել, իրարու հետ ըլլալ, իրարու օգնել ու մանաւանդ մէկ նպատակի համար պայքարիլ...

Էջեր