Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգի Ֆայէթ քաղաքին մէջ կը վաճառուի տուն մը, որ կառուցուած է 19-րդ դարուն։ Առանձնայատկութիւն մը այս բնակարանը, որուն մէջ կը գտնուի բանտ մը։
Խաղաղական ովկիանոսը եւ Արեւելեան չինական ծովը Ճաբոնի ափերու մօտ տաքցած են մինչեւ մրցանիշային մակարդակ։ Խաղաղական ովկիանոսի եւ Արեւելեան չինական ծովի մակերեւոյթը Ճաբոնի շարք մը ափամերձ շրջաններու մէջ վերջերս տաքցած է մինչեւ առաւելագոյն բարձր մակարդակը՝ դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
Աւստրալիոյ մէջ, վիրաւորման պատճառաւ մեկուսացման պայմաններու մէջ կ՚ապրի թեւատ մը, որ ինքզինք առանձին չզգալու համար կը դիտէ թեւատներու մասին ծաղրապատկերներու շարքեր։
Կարգ մը գիտնականներ պարզած են, թէ ո՛ր կենսանիւթը (վիթամին) կրնայ դադրեցնել քորոնաժահրի բազմացումը։
Արքայազն Հերի եւ իր կողակիցը՝ Մեկըն, բազմամեայ համաձայնագիր ստորագրած են Netflix-ի հետ։ Այսպէս, Անգլիոյ արքայազն Հերի եւ իր կինը՝ Մեկըն, որոնք կ՚ապրին Գալիֆորնիայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, երկար տարիներու համաձայնագիր ստորագրած են ժապաւէններու եւ ֆիլմաշարերու արտադրող Netflix ընկերութեան հետ:
Էլըն Մասք պատմած է, թէ երբ կը կայանայ Starship-ի դէպի ուղեծիր առաջին թռիչքը։ Միլիառատէր գիւտարար Էլըն Մասք խոստացած է, որ Starship օդաչուաւոր տիեզերանաւը կրնայ շուրջերկրեայ ուղեծիր թռչիլ արդէն յաջորդ տարի։
Եաքուտսքը աշխարհի ամենացուրտ քաղաքներէն մին է, որ կը գտնուի Ռուսաստանի Սիպիրիա տարածքաշրջանի արեւելքին, Լենա գետի ափին։ Ձմեռը -34 ջերմաստիճան կ՚ըլլայ օդի բարեխառնութիւնը Եաքուտսքի մէջ, որ Նորիլսքէն վերջ աշխարհի ամենացուրտ երկրորդ քաղաքն է։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած եւ զայն նահատակած ոճրագործ Օկիւն Սամաստ կալանավայրին մէջ ալ վերջին շրջանին իրականացուցած է բռնութիւններ։ Վերջին օրերուն տեղական մամուլը կ՚անդրադառնայ Օկիւն Սամաստի վերաբերեալ զանազան իրադարձութիւններուն։
Իսրայէլի մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը:
Հիւպատոսական ծառայութիւնը շուրջ տասն օրէ ի վեր քաղաքացիներու կողմէ կ՚ընդունի բազմաբնոյթ դիմումներ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր պատկերն ալ կը շարունակէ առթել մտահոգութիւն։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց վիճակագրական հերթական տուեալները։
Աշխարհի երկիրներու ելեկտրոնիկ կառավարման զարգացման ցուցիչին վրայ Հայաստան 19 կէտով բարելաւած է իր դիրքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 195 երկիրներու ցանկին վրայ Հայաստան կը զբաղեցնէ 63-րդ հորիզոնականը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը, ըստ էութեան, երեք հիմնական «կողմ» ունէր։ Առաջին՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երկրորդ՝ ՀԱՅՃԱՐ եւ երրորդ՝ Պետրոս Շիրինօղլու։ Հաւաքի ողնայարը կը բաղկանար այս երեք հիմնական տարրերէն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լեռնա Թումայեան իրաւունք շահած է մուտք գործել «Պեզմի Ալէմ» հիմնարկի համալսարանի Բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Լեռնա Թումայեան մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ 8-րդ դասարան յաճախած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարան։
Արեւելեան Միջերկրականի առկայ բոլոր հարցերուն շուրջ Պաքու անվերապահօրէն կը զօրակցի Անգարայի:
Ատրպէյճան կ՚անհանգստանայ Հայաստան-Յունաստան-Յունական Կիպրոս ռազմական համագործակցութեան բերումով:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կ՚արձանագրուին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Դիլիջանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Անտրէյ Քարթափոլովի հետ։ Այս վերջինը Հայաստան այցելեց «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցոյթի փակման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելու համար։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կարգաւորումով։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Խորհրդակցութեան բարձրագոյն մարմնի ժողովը Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Թուրքիա առաջին անգամ կը հետեւի արտաքին քաղաքականութեան մը՝ սեփական առաջնահերթութիւններու, կարիքներու եւ ծրագրաւորումներու հիման վրայ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը մռայլ համայնապատկեր մը պարզեց հանրութեան աչքին առջեւ՝ 2020-2021 վերամուտի սեմին թրքահայ կեանքի առընչութեամբ։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր կրթական համակարգի առանցքին շուրջ կը բիւրեղանան մեր համայնքի մարտահրաւէրները։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, համավարակի պատճառաւ մեր համայնքային վարժարանները եւս կրթական գործընթացը հարկադրաբար կը կատարեն հեռակայ դրութեամբ, որ կ՚ենթադրէ համակարգիչի մը կարիքը։ Իսկ կարգ մը աշակերտներ չունին համակարգիչ մը, որ կարենան օգտագործել սոյն նպատակին համար։