Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծնողներ կ՚ուզեն որ իրենց զաւակները լա՛ւ կրթութիւն ստանան, սորվին եւ դաստիարակուին՝ որպէսզի կեանքի լաւ պատրաստուին, եւ ապագային բարւոք կեանք մը ապրին։ Շատ բնական է ասիկա։
Գրասէրներու շրջանակներէն ներս միջոցէ մը ի վեր անանտեսելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ «Zaralı» գիրքը, որու հեղինակն է Աւետիս Օլկուն։ Դերձակուհի Վարդանոյշի յուշերը կը մատուցուին այս հետաքրքրական գիրքով, որու արդէն երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւը հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս մարաթոնը, որու հասոյթը միշտ կը տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի հրատապ կարիքներուն համար։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնով պայմանաւորուած միջազգային վտանգներուն համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Պիշկէքի գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Մարալ» միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ Արման Տօնէրեանի։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Շանթ Ալթունքարա փայլուն նուաճումի մը հասած է ատամնաբուժութեան մարզին մէջ։ Ան ստացած է բերանի, ատամներու եւ կզակի մասնագէտ-վիրահատի կոչում։
Ատրպէյճանէն՝ Հայաստան եւ Արցախ այցելած լրագրողներու խումբի մասին մանրամասնութիւններ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրէն աւելի՝ ուշադրութիւն ցուցաբերուած է տնտեսական հարցերու նկատմամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին. երէկ տեղի ունեցաւ կանոնական մարմիններու նիստ:
Կազմակերպութեան անդամ երկիրները միջազգային հարթակներու վրայ պէտք է համաձայնեցուած մօտեցում արտայայտեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ:
Կը տեղեկանանք, որ «Լիպրա» գրատուն-հրատարակչատունը կը պատրաստուի 2020 թուականի տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դնել գիրք մը, որու բովանդակութիւնը ուղղակիօրէն կը վերաբերի մեր համայնքին։ Թրքերէն այս գիրքը կը կոչուի՝ «Որոնումներու մէջ սերունդ մը. մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ» (Arayış İçinde Bir Kuşak: Günümüz İstanbul’unda Ermeni Lisesi Mezunu Gençler)։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ հանդիպեցաւ ժողովուրդի հետ։ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ նորին սրբազնութիւնը կը շարունակէ մասնակցիլ իրերայաջորդ հաւաքներու։
ՆԵՐՍԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆՑ
Գրախօսեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2018 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տպարանէն լոյս տեսած է Ներսէս Վարդապետ Դանիէլեանցի (Սսական, միաբան Սսական վանուց) գրիչին պատկանող ժողովրդական քարոզներու հաւաքածոյ մը՝ «Կեանքն առանց հաւատքի (Հատոր Ա.)» խորագիրով:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւանի մէջ օրը այսօր սովորականի պէս չժպտաց ինծի։ 2019 թուականի աշնան աւարտին մնացին հաշուուած օրեր։ Կարծեմ այս փաստէն է, որ այսօր աշունը որոշած է կիտել յօնքերը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընթացիկ տարին լրացաւ արեւմտահայ նշանաւոր գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական, քաղաքական գործիչ Ռուբէն Զարդարեանի ծննդեան 145-ամեակը: Տիգրանակերտի Զիվերեկ գաւառին մէջ ծնած գրագէտը, հազիւ երկու տարեկանին ընտանեօք կը փոխադրուի Խարբերդ, ուր կ՚անցընէ իր մանկութեան, պատանութեան տարիները եւ երիտասարդութեան առաջին շրջանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երջանկութիւնը սրբութի՛ւն է։ Սրբութիւնը միա՛կ ուղին է, որ կ՚առաջնորդէ այդ նպատակին. մարդուս սրտին բոլոր փափաքները, ուրիշ բան չեն ըներ եթէ ոչ հեռացնել զինք այն ճամբայէն, որու ծայրը երջանկութիւնն է։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ժողով մը գումարեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը՝ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Չորս ժամ տեւեց խորհուրդի քննարկումները, որոնց աւարտին հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան պատրաստ է առանց նախապայմաններու բնականոնացնել յարաբերութիւնները Անգարայի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն դէպի Իտալիա կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած էր «Corriera Della Sera» թերթին։
Ուսուցչաց օրուան առթիւ նախընթաց օր Կեդրոնական վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւիի գրասենեակին կողմէ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան ԷրթԷմ, Մորիս Լեւի եւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։