Ընկերա-մշակութային

ԱՐՑԱԽ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Թերեւս ամէն հայու ականջին հասած է այս նախադասութիւնը. «Եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը գոցենք հայոց պատմութեան վերջին էջը»: Ստեղծուած ծանր կացութիւնը կու գայ ապացուցելու, թէ շատեր թերահաւատօրէն մօտեցած են այս պնդումին:

ՏՈՒՆ ՏԱՆՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկու ամիս առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հայ անուանի գործիչ Վարդան Գրիգորեան՝ կեանքի հետաքրքրական ուղի անցած պատմաբանը, ակադեմիկոսը, ուսուցիչն ու հանրային գործիչը, որ իր հարուստ կեանքի փորձառութիւնը նկարագրած է «Տուն տանող ճանապարհը» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ:

ՀԱԿԱԴԻՐ ԲԵՒԵՌՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԿԷՏԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

​Հակառակ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ դրսեւորած բոլորովին այլ վերաբերմունքին՝ եսապաշտ մը եւ անվերապահօրէն իր շրջապատը գոհացնել փորձող բարեպաշտ մը կրնան ունենալ հասարակաց կէտ մը. երկուքն ալ սերած ու դաստիարակուած են այն ծնողներու կողմէ, որոնք ընդունակ չեն «կառավարել» իրենց յոյզերը։

«ԵՍ ԱԹԷԻՍՏ ԵՄ...»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արտայայտութիւն, որ յաճախ մարդոցմէ կ՚արտաբերուի, բայց շատ յաճախ նոյնիսկ արտաբերողները չեն գիտեր ու չեն հասկնար իրենց արտաբերածին իմաստը, աւելին՝ չեն գիտակցիր իրենց ըսածին:
«Ես աթէիստ եմ», այսինքն՝ ես անաստուած եմ, Աստուծոյ գոյութիւնը չեմ ընդունիր, զԱստուած չեն ընդունիր որպէս ամէն ինչի Տէր ու Արարիչ: 

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՇԱՐԺՆ Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ (Ա.)

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ամիսներ առաջ վար դրած էի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գրիչս, ըսելով, որ Թուրքիոյ հայութեան մասին այն հիմնական տեղեկութիւններն ու վերլուծական մտորումները, որոնք մօտս ամբարուած էին տարիներու հետազօտութեանս ընթացքին, սպառած են. հրապարակախօսական ոճով ըսուելիք մտածումներուն մեծ մասը փոխանցած էի, ու խոստացած վերադառնալ, երբ հետազօտահէն նոր տուեալներ ունենամ կիսելու՝ այս նիւթերով հետաքրքրուող ընթերցողին հետ։

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ Է ԱՅՍՕՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թարգմանչաց է այսօր, Ս. Թարգմանիչներու՝ Սահակի եւ Մեսրոպի տօնը: Թարգմանչաց շարժումին խորհուրդը ունեցող այս տօնը կը նշուի յաջորդական կարգով եւ ամէն անգամ օրացոյցին վրայ նշում մը կը կատարենք՝ աս ալ անցաւ նշանով:

ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱԶՄԱԿԻՑՆԵՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը յաճախ կը համալրուի հնատիպ ու հազուագիւտ հայերէն գիրքերով, որոնք ցրուած են աշխարհի չորս կողմը եւ զանոնք գտնելու համար Հայաստանի ազգային գրադարանը ջանք չի խնայեր: Գրադարանի հաւաքածոները համալրող այդ հնատիպ գիրքերը յաճախ իրենց օրինակները չեն ունենար հայ գիրքի ամենամեծ պահոցին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, անոնք արժէքաւոր կը մնան ոչ միայն իրենց հնատպութեամբ, այլ գրադարանին մէջ միակը ըլալլու հանգամանքով:

ՄԵՐ «ՃԱՔԵՐԸ» ՄԵՐ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐՆ ԵՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կեանքը լի է յուսալքութիւններով եւ անոնց յառաջ բերած «ճաք»երով։ Անկասկած, բոլորս իմացած ենք մեր սրտէն հնչած այդ «կոտրուածքի ձայնը», երբ մեր սպասումները եւ իրականութիւնը չեն համընկնիր, մեր փափաքները չեն իրականանար, խոստումները չեն կատարուիր… 

ԹԵՒԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՀԵԼԸ, ՇԷՆԱՑՆԵԼՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՆԵԼԸ ՈՒՂՂԱԿԻ ԱՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ՄԵԶԻ ԲԱԺԻՆ ԻՆԿԱԾ Է ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՅ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ»

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին շրջանին Հայաստանեան իրականութիւնը բաւականին տժգոյն ու դժբախտ է, նկատի ունենալով իշխանութեան աթոռին համար կռիւի ելած կողմերուն յայտարարութիւններն ու խօսակցութիւնները: Բոլորը բոլորին կը վիրաւորեն, կը մեղադրեն, կը հայհոյեն, անէծքի աստիճան արտայայտութիւններ կ՚ունենան, բարոյականութեան սահմանները շատ շատոնց արդէն անցած են բոլորը:

Էջեր