«ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ»Ը՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՄԱՐԻՆ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայոց գրաւոր արժէքներու միջազգային ճանաչման առումով հայութիւնը եւս կարեւոր նուաճում մը ունեցաւ։ Այսպէս, ապրիլի 10-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի 221-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս անդամ երկիրներու միաձայն որոշմամբ՝ 12-րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշի «Գիրք դատաստանի» («Դատաստանագիրք հայոց») աշխատութիւնը արձանագրուած է Աշխարհի յիշողութեան միջազգային յաշուամատեանին մէջ (Memory of the World Register)։