ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 90 ՀԱՏՈՐՆԵՐ…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ չկայ նիւթական մնայուն իր մը, որ ժամանակի հոսունութեան դիմաց իր արժէքը չի կորսնցներ։ Սակայն այնքան ժամանակ կայ մարդը, մարդկային ստեղծագործ միտքը, կայ նաեւ յիշողութիւնը՝ հզօր եւ մնայուն, այդ ժամանակ մարդ արարածը կ՚ապրի, կ՚արարէ՝ իր կեանքը վերածելով յորդահոս աղբիւրի։