ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ (Բ.)
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
42. Գլուխ
Այս գլուխը մարգարէութիւնն է խոստացուած Մեսիային, որ պիտի գայ։ Եսայի զայն կ՚անուանէ Տիրոջ Ծառան։ Այստեղ եւս պատգամ է, որ Աստուծմէ ժողովուրդին կը փոխանցուի, մխիթարական խօսքեր, խոստումներ, ինչպէս նաեւ արտայայտութիւններ։