ՅԵՏԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման ընտրութիւնները աւարտեցան, որ Սահմանադրութեան՝ 2015 թուականին տեղի ունեցած փոփոխութենէն ետք խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնն էր։ Այս ընտրութիւններով, փաստացիօրէն Հայաստան անցում կատարեց կառավարման խորհրդարանական համակարգ։ Երկրին նախագահը կը շարունակէ մնալ պետութեան գլուխը, սակայն անոր լիազօրութիւնները կը նուազին յօգուտ վարչապետին եւ Ազգային ժողովին։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը պանծացուց անմահ երգիծաբանին յիշատակը, մահուան 125-րդ տարելիցին առթիւ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ձեռնարկով:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բանկալթիի Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը։ Այսպէս, գրասէրներուն ծանօթացուեցաւ «Կանայք միշտ կային. Թուրքիոյ ձախէն կանանց դիմանկարներ» անուն գիրքը, որ լոյս տեսած է «Տիփնոթ» հրատարակչատունէն։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է Ֆերեալ Սայկըլըկիլ, որ Շաբաթ օրուան գինեձօնի հաւաքոյթին հաղորդավարն էր միեւնոյն ժամանակ։
Կրնա՞յ սուտ մը անմեղ ըլլալ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան եւ իր կողմէ հովանաւորուած «Մարալ» երգի-պարի համոյթի համատեղ նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է «Յաւերժութիւն» խորագրեալ միջվարժարանային պարի մրցոյթը։ Այս տարի երկրորդ անգամ կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը, որ ձօնուած է Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Մեծ պահոց Միջինքը։ Երէկ այս առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ներկայիս ձեռնարկած է բանախօսութիւններու շարքի մը՝ «Հայ կինը եւ ընտանեկան կեանքը» խորագրին ներքեւ։ Երէկ երեկոյեան Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ այս բանախօսութիւններու շարքի առաջին ձեռնարկը։ Զէքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ պատմութեան ամբողջին մէջ հայ կանանց եւ անոնց հասկացութիւններուն մասին։