ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ԱՐՓԻԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ ԱՆԳԻՆ ԹՈՒՂԹԵՐԸ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Անտակ ովկիանոս մըն է մեծ մօրս արխիւը», մեր զրոյցի պահուն կ՚ըսէ սիրելի ընկերուհիս՝ լրագրող Լիլիթ Աւագեան իր մեծ մօրը՝ գրականագէտ Արփիկ Աւետիսեանի արխիւին մասին: Արփիկ Աւետիսեան 1991 թուականին հեռացած է կեանքէն եւ անոր թոռնուհին Հայաստանի լրագրական դաշտին մէջ ծանօթ ու շատ յարգուած լրագրող՝ Լիլիթ Աւագեան, խնամքով ու սրտի դողով կը թերթէ իր մեծ մօրը թղթապանակները եւ անոնց մէջ կը յայտնաբերէ իսկական անգին գանձեր:

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տօնախմբուեցաւ մեր համայնքի վերջին շրջանի կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկուն փայլուն արդիւնքը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս մը՝ յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Սիւհէյլ Ույկուրի հետ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին յայտնի արուեստագէտը անմիջական ձեւաչափի մը մէջ զրուցեց ներկաներուն հետ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկացի ատաղձագործ Ճոյի Մէյըրս ստեղծած է երկուքուկէս մեթր բարձրութեամբ տօնածառ մը, որ տեղադրուած է Միացեալ Նահանգներու Արքանսաս նահանգի համալսարաններէն մէկուն մէջ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Բաժակի օրուան աւանդական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ ապրեցան զիրար վերագտնելու հրճուանքը։ Ճաշի սեղաններուն շուրջ անոնք հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, վերյիշեցին իրենց աշակերտութեան տարիները, նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան թարմ տեղեկութիւններ քաղելու դպրոցի ներկայ վիճակին շուրջ։