ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏԱՆԻՔԴ ԿԸ ԿԱԶՄԱԼՈՒԾԵՍ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Իմացական եւ հոգեւոր քաղցի, կենդանական բնազդներու յամրընթաց յաղթարշաւը աւանդական հայկական ընտանիքի «գերեզմանաքարերն» են, որոնք տեղի կու տան դաւաճանութեանց, անառողջ ամուսնական յարաբերութեանց, ամուսնալուծումներու աճման…: Երեւոյթներ, որոնք պահի տակ հաճոյքի հետեւանքներ են, որոնք կեանքդ փակուղիի կը վերածեն եւ ակնթարթի մը մէջ զայն ամբողջապէս կ՚իմաստազրկեն ու դէպի անդունդ կը գլորեն։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շիշլիի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստի տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբի ելոյթը։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան գե-ղարուեստական ձեռնարկներու ծիրին մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը երէկ փայլուն արարողութիւններով նշուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Զէքիեան Գերապայծառ։
Լոռիի մարզի Օձուն գիւղի Զ. դարու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը նախատեսուած է աւարտել Հոկտեմբերի 5-ին: Այս մասին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Օձունի հոգեւոր հովիւ Տ. Վրթանէս Քահանայ Պաղալեան նշեց, որ աշխատանքները պատշաճ կարգով եւ որակեալ կ՚իրականացուին:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներկայացնել Երերոյքի տաճարը: