«100 Գաղափար Հայաստանի Համար» Մրցումը
Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումի դիմումներու ընդունման հոլովոյթը: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին կրնան մասնակցիլ 16-30 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր:
Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, բացումը կատարուած է Չեխիայէն հայրենադարձած գեղանկարիչ, ասեղնագործութեան վարպետ եւ ձեւաւորող Մարիամ Ղարիբեանի ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ազգային երգի ու պարի ուղեկցութեամբ՝ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ, մեթրոյի կայաններէն մէկուն կից հրապարակներէն մէկուն վրայ, հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ հայկական արտադարանքներու «Արմէքսպօ» մասնագիտացուած տօնավաճառը:
Երեւանի Թէքէեան կեդրոնը ժամադրավայրն էր պաշտօնական հիւրերու, մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հանրութեան, որուն մէջ աչքառու էր երիտասարդութեան մեծ թիւը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ հոգեւոր երաժշտութեան «Շարական» փառատօնը առաջին անգամ տեղի պտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 14-16 թուականներուն միջեւ, Տաթեւի վանական համալիրէն ներս:
Դէպի Հաղարծին տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու այս շաբթուան այցելութիւնը զուգորդուած է «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» եռուզեռով:
Գերմանիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր: Միջոցառումներ կ՚իրականացուին Օգոստոս 19-Նոյեմբերի 6 թուականներուն միջեւ: Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերուն շուրջ «Արմէնփրէս» գործակալութենէն Անժելա Համբարձումեան զրուցեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան արտաքին կապերու վարչութեան պետ Սվետլանա Սահակեանի հետ։
Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի սրահներէն մէկուն մէջ Աւստրալիոյ բեմի տաղանդաւոր արուեստագէտ Վարուժ Սանճեանի ներկայացմամբ՝ կայացաւ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» քերթուածի բեմականացումը՝ կազմակերպութեամբ Ամմանի մշակութային միութեան Մշակութային յանձնախումբին: