ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ 6-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ PEN-Ի ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-րդ անգամ անընդմէջ վերընտրուեցաւ PEN-ի պատուոյ խորհուրդի անդամ։
Համաշխարհային գրողներու միութեան՝ PEN-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղը վերջերս գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցան երկրի գրական եւ մամլոյ աշխարհէն վառ ներկայացուցիչներ
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը այս շրջանին ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի շաբաթավերջին նախատեսուած ընտրութեան վրայ։ Քուէարկութեան ընդառաջ թեկնածուները կը շարունակեն իրենց զօրակցութեան որոնումները համայնքային շրջանակներէն ներս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վերջերս հրատարակուած «Անի» գիրքին հեղինակը՝ Վետաթ Աքչայէօզն ու ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիւզար Արթուչը։ Վետաթ Աքչայէօզ, որ Կարս քաղաքէն է, ուսումնասիրութիւններ ունի պատմական Անի քաղաքի մասին եւ իր ծով պաշարը ցոլացուցած է այս նոր գիրքով։
Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջին օրերուն նշեց իր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան դպրաց դասու հիմնադրութեան 109-րդ տարեդարձին առթիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Գույումճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։
Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու իրաւունք շահեցաւ Կապոյտ ցանկը:
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը շաբաթավերջին քուէատուփի մօտ փութաց՝ իր հաստատութիւններուն նոր մատակարար մարմինները ընտրելու համար։ Այսպէս, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նոր մատակարար մարմինն ալ յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի պիտի կոչուի՝ երէկուան ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ։