ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ՊԵԼԿՐՈՒՓ-ՔԱՐՓԵՐ» ԳՈՐԾԱՐԱՆԸ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները վերջին օրերուն յատկանշական պտոյտ մը իրականացուցին։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանները այցելեցին «Պելկրուփ-Քարփեր» գործարանը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները վերջին օրերուն յատկանշական պտոյտ մը իրականացուցին։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանները այցելեցին «Պելկրուփ-Քարփեր» գործարանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «İkinci Adam» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է մեր համայնքի երիտասարդ համալսարանականներէն Դալար Ներսէսօղլու։ «Օսմանահայ մամուլին մէջ Յունաստանի դէպի Արեւմտեան Անատոլու գործողութիւնը (1920-1922)» կը կոչուի այս գիրքը, որ Դալար Ներսէսօղլուի տոքթորական թեզն է։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները Ամանորի առթիւ այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ տղաքը գիրկընդխառնուին տօնական բարձր տրամադրութեամբ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեն իրարու հետ:
Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի աշակերտներէն Միրա Պարսամօղլու վերջերս արձանագրած է շատ յատկանշական յաջողութիւն մը, որ իսկապէս արժանի է բարձր գնահատանքի։
Ղալաթիոյ, Գարակէօզեանի, Գալֆաեանի, Դպրեվանքի խնամակալութեանց, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի նոր կազմերու ընտրութեան համար շաբաթավերջին քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս: Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդներու կազմերն ալ վերանորոգուեցան, ինչ որ կարեւոր է գաւառի մեր սրբատեղիներու պահպանման տեսակէտէ:
Ամանորի ընդառաջ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը եզրափակուեցաւ, ըստ էութեան բոլոր չափանիշներուն համապատասխան եւ դրական պայմաններով՝ բացառութեամբ Պէյօղլուի պարագան:
Ամանորի ընդառաջ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը անցուց ոգեւոր շաբաթավերջ մը։ Այսպէս, Բանկալթըի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ աւանդական Ամանորի քէրմէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները անցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վաղուան ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ շաբաթավերջին նախատեսուած ընտրութիւններուն ընդառաջ կազմակերպչական հարցերու վերաբերեալ պղտորութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։