ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Վարդգէս Այըքի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Վարդգէս Այըքի։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի նախատեսուած հունին մէջ։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ համապատասխան ժամանակացոյցը կը բանի եւ, ինչպէս ծանօթ է, քուէարկութիւնը նախատեսուած է մարտի 12-ին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութեան։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, շաբաթավերջին Նիւ Ճըրզիի մէջ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ «Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վանական-դպրեվանական կեանքը» նիւթին շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ համայնքային վարիչներու կարեւոր խորհրդակցութիւն՝ Գումգաբուի մէջ:
Պոլսահայ վարժարաններու շէնքերուն երկրաշարժի դէմ տոկունութիւնը ստուգելու համար քննութիւններ պիտի կատարուին մասնագէտներու կողմէ:
Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժը ողբերգական իրավիճակ ստեղծած է՝ խլելով հազարաւոր կեանքեր եւ պատճառ դառնալով բազում մարդոց վիրաւորման ու անօթեւան մնալուն։ Ահաւոր երկրաշարժը իր ազդեցութիւնը գործած է նաեւ Հաթայի մեր երեք եկեղեցիներուն վրայ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի պարագային այս ամառ տեղի պիտի ունենայ կազմի փոփոխութիւն։ Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, ընթրիքի սեղանով մը հիւրընկալեց Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքն ու գործակից ընկերները, որոնք վերջին չորս տարիներուն ստանձնած էին հաստատութեան ղեկը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Վարդանանց տօնի նախատօնակին։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց բազմատասնեակ աղէտեալներու խումբ մը:
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կ՚առնէ տագնապալի իրավիճակին համարժէք քայլեր: