Թրքահայ կեանք

ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ ԵՒ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ

Մեծ պահոց նուիրական շրջանին Նորին Ամենապատուութիւնը փութաց աղէտի գօտի, ուրկէ կը վերադառնայ այսօր:
Բացի աղէտեալներուն զօրակցելէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցական այցելութիւններ տուաւ Հաթայի կուսակալին եւ քաղաքապետին:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՃԵՐՄԱԿ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան Ճերմակ ցանկի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Աքսել Թոփալեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Էլէնա Քլեմենթը։ Այսպէս, իտալացի դիւանագէտը պաշտօնի կոչուելէ վերջ Պատրիարքարան փութացած էր՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռին եւ անոր գահակալին։

ԴԵՂԻՆ ՑՈՒՑԱԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ԱՄՈՒՐ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻՆ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ՝ թեկնածութիւն առաջադրած վեց խումբերը կը շարունակեն քարոզչական աշխատանքները։ Այս ամբողջին մէջ բաւական ազդու եւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ Դեղին խմբակը, որ կը գլխաւորուի համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն Շէյտա Երկանեան-Նանեանի կողմէ։

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊՈԼԻՍ ԼՈՒՍԱՏՈՒ» ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց պոլսահայ խումբ մը լուսանկարիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Այս առթիւ հիւրերը յայտնեցին, թէ որպէս պոլսահայ լուսանկարիչներ, կազմած են «Պոլիս լուսատու» անուն խմբակը։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը այս շրջանին կարեւոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչէ՝ զօրակցելու համար երկրաշարժէն տուժած աղէտեալներուն։ Այսպէս, ակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է արագ ճատրակի մրցաշարք մը։

«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՏԻՆՔՃԵԱՆԻ ԵՐԳԵՐԸ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ հետաքրքրական գիրք մը։ «Արա Տինքճեանի երգերը» կը կոչուի այս նոր գիրքը։ Թրքերէն եւ անգլերէն՝ երկլեզու գործ մըն է այս մէկը, որու խմբագիրը եղած է Պուրճու Եըլտըզ։

Էջեր