ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Հալըճըօղլուի գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Պոլսահայ մամլոյ բազմամեայ ու երախտաշատ սպասաւոր լուսահոգի Կարօ Համամճեանի մահուան առաջին տարելիցը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Հալըճըօղլուի գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Պոլսահայ մամլոյ բազմամեայ ու երախտաշատ սպասաւոր լուսահոգի Կարօ Համամճեանի մահուան առաջին տարելիցը:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Վարդավառի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ բացառիկ ոգեւորութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պայծառակերպութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ։
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին «Solve For Tomorrow» ծրագրի շրջանակին մէջ։ «Samsung»ի եւ «Habitat» միութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս ծրագիրը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Չորս լեզու, չորս մշակոյթ» անուանումով համերգ մը, որու ծրագրի առանցքը կազմեցին Այգուն Պուտաքի եւ Էզկի Զիւմրէ Թաշքընի կատարումները։
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երկրորդ Ս. Պատարագին ընդառաջ մշակութային խանդավառ ձեռնարկ:
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի»ն այս անգամ կը ներկայացուի վերանորոգեալ պատմական Թաշխորան հայկական տաճարին մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։ Հրաժեշտի հանդիպում մըն էր այս մէկը, որովհետեւ շուրջ քառամեայ պաշտօնավարութենէ վերջ Նաղաշ Յակոբեան աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը քաղաքիս մէջ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ մնալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ մանաւանդ, որ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւններու իրականացումը նախատեսուած է։ Միւս փոքրամասնական համայնքներու պարագային ալ կացութիւնը տարբեր չէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։
Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարը։ Նախընթաց օր այս ծրագրի երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Առէն Քոճապայի, Նարէ Էօզտաղի եւ Քամի Պիւյիւքիշմանի, որոնք իրենց երաժշտական յաջող կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։