ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատուեց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցին մէջ երէկ կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց հոգաբարձութեան գործունէութիւնը:
Պետրոս Շիրինօղլու յուշանուէր մը յանձնեց Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին: Համայնքային շրջանակները ողջունեցին գթութեան յարկէն ներս կեանքի կոչուած վերջին նախագծերուն փայլուն արդիւնքը:
Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին:
SAHAK II
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պիտի հովանաւորէ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն ընկերացան Դաւիթ Տամլա եւ Մուրատ Շիրին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած Կապոյտ ցանկի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սարգիս Չեթինքայայի։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին ժողովը։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական 8-րդ խաղերը նախատեսուած են 5-19 օգոստոս 2023-ին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ամրան շրջանի աւարտին «Բարեկամ» խումբը համայնքային շրջանակներէն ներս վերստին ձեռնարկած է իր գործունէութեան։ Ընկերային զօրակցութեան հետամուտ այս խումբը արդէն հետեւողական ծրագիրներ ունի եւ կազմակերպուած հունի մէջ կը զարգացնէ գործունէութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր այցելեց Հրէից Րաբունապետարան, ուր հիւրընկալուեցաւ խախամապետ ռաւ Իսհաք Հալեւայի կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Աւստրիայէն «Փրօ-Օրիէնթ» հիմնարկին կողմէ բազմանդամ խումբ մը։ 25 հոգիէ բաղկացեալ այս խումբը գլխաւորեց Իսրայէլի մօտ Աւստրիոյ նախկին դեսպաններէն Ալֆոնս Քլոս։
İstanbul ikinci bölgede Ermeni toplumunun nüfusunun hayli yoğun olduğu ya da cemaat yaşamında ağırlığı olan bazı vakıflar var. İlk akla gelenler Galata Surp Krikor Lusavoriç Ermeni Kilisesi ve Getronagan Lisesi Vakfı, Feriköy Surp Vartanants Ermeni Kilisesi Vakfı, Samatya Surp Kevork Ermeni Kilisesi Vakfı ve Kumkapı Meryem Ana Ermeni Patriklik Kilisesi Vakfı.