ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԸՆԿԵՐԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ
Վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Մխիթարեան վարժարանը ընկերամշակութային ձեռնարկներու տեսակէտէ ապրեցաւ բաւական բեղուն շրջան մը: Այսպէս՝ վարժարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները 17 Մայիս, Չորեքշաբթի օր, այցելեցին Թուրքիոյ Ողնածուծի անդամալոյծներու միութիւնը: