ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիրը ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսին պատրաստուած էին ձեռագործ իրեղէններ։ Դպրոցի համակիրները տաղաւարները այցելելով ըրին գնումներ եւ գոյացած հասոյթը յատկացուեցաւ հաստատութեան։