ՊԷԶՃԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵԿՈՅԹ
Պէզճեան Մայր վարժարանի Ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան երեկոյթի մասնակիցները, որոնք խանդավառ պահեր ապրեցան մենակատար Զէքերիա Իւն-լիւի կողմէ գործադրուած յայտագրով։