ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը եւ Քարէն Թերզեանը։ Այս Կիրակի տեղի պիտի ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։



Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած առաջին ձեռնարկը պսակուեցաւ շատ փայլուն յաջողութեամբ:
Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առթիւ շաբաթավերջին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան համայնքային վարժարաններէ տնօրէններ, կրթական մշակները, ինչպէս նաեւ աշակերտներ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս հիւր երաժիշտներուն հետ անմիջական հանդիպում:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած վաղուան համերգին ընդառաջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։