ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2016-2017 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած փայլուն հանդիսութիւնով մը Կեդրոնականի ընտանիքը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանաւարտներուն ի պատիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը եւ Էսաեանի ընտանիքը յարատեւ յաջողութեան մաղթանքով հրաժեշտ տուաւ ընթացաւարտներուն։
Կրօնական ժողովը նիստէն վերջ զօրակցութիւն յայտնեց տեղապահին, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը նպատակասլաց ձեւով յառաջ տանելու առումով։
Պատրիարքարանի վարչամեքենան աստիճանաբար կը վերսկսի բանիլ լիարժէք ձեւով։ Շուրջ երեք ամսուան ընդհատումէ մը վերջ Գումգաբուի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։
Մշակոյթի նախարար Նապի Ավճը անցեալ շաբաթավերջին իֆթարի սեղանի մը մասնակցեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ նախարարին առընթեր համախմբուեցան շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի արդիւնաբերական արտադրանքի ընկերութիւնները միշտ պատնէշի վրայ կը մնան Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս։ Այսպէս, վերջերս հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մեծագոյն հինգ հարիւր ճարտարարուեստի ընկերութիւններու ցուցակը, որու վրայ կը գտնուին Երկանեանի երկու ընկերութիւնները։
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ երեկոյեան խանդավառ ձեռնարկով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Շրջանաւարտութեան հանդէսին ներկայ գտնուեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ծնողաց միութեան, տիկնանց կազմի, սանուց միութեան եւ Կազդուրման կայանի ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանը աւարտին հասաւ բոլորի բարձր տրամադրութեամբ։ Շրջանաւարտից փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր ծանօթ ազգայիններէն՝