ԳԻՐՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
«Փարոս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական գիրք մը, որով ներկայացուած է շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Գիրքի հեղինակն է Պերճուհի Պէրպէրեան։ Երէկ, Ճիհանկիրի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որուն մասնակցութիւն բերին թրքական շարժանկարի աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Մանկապարտիզպանուհիներ Մարգրիտ Աւագեանի եւ Նոնա Յարութիւնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին խմբերգներ, պարեր ու մանաւանդ հիանալի արտասանութիւններ։
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդիսութեան առթիւ։ Թաղի համանուն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն, տնօրէնուհի Թալին Նայիր, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութեամբ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, աշակերտներու ծնողները եւ այլ հիւրեր։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան այս առաւօտ հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։