ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Սկիւտարի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թաղի այժմու ու երբեմնի վարժարաններու շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքը։ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը՝ դաշտահանդէսի մը ձեւաչափով։
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ ցուցահանդէս մը։ Երկար տարիներէ ի վեր Տատեան սանուց միութենէն ներս նկարչական դասընթացքներ կը կազմակերպուին, Մաքրուհի Քէչիեոլուի վերահսկողութեան ներքեւ։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ:
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մանկարանի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան սկիզբին մանկարանի առաջին երկու դասարաններու տղոց հանդէսը տեղի ունեցաւ, իսկ երեկոյեան՝ մանկապարտէզի վերջին դասարանի սաները ստացան իրենց վկայականները։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Տարրական կրթութեան առաջին փուլը աւարտած աշակերտները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներուն համար նախընթաց օր մասնաւոր հանդէս մը կազմակերպուեցաւ՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին թաղի պատուոյ ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, դպրոցի զօրակից մեր ազգայիններէն Վազգէն Վարդանօղլու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, ծնողաց միութեան անդամներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան տարեվերջի խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժնի աշակերտներուն համար նախատեսուած էին այս հանդիսութիւնները։
Գալֆաեան Տան սաները անցեալ ամիս զանազան մշակութային ձեռնարկներու մասնակցեցան։ Այս ծիրին մէջ անոնց տեսակէտէ շատ հետաքրքրական էր «Փորթագալ» գեղարուեստի տուն տրուած այցելութիւնը։
Շիշլի գաւառակը եւ Տիարպաքըրի Չընար գաւառակը, որոնք դարձած են քոյր գաւառակներ, կեանքի կը կոչեն զանազան ընկերակրթական ծրագրեր։ Այս շարքին մէջ էր «Արեւմուտքէն դէպի արեւելք պարզուած եղբայրութեան ձեռքը» խորագրեալ նախագիծը։
Եշիլգիւղի ընտանիքը նախընթաց օր ընթրիքով մը մեծարեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։