«ԲԵՄ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ամրան ամիսներուն Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ յառաջ տարուեցան շարք մը աշխատանքներ՝ համախմբելու համար մանուկները։ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի օրհնութեամբ սկսան աշխատանքները, որոնց շրջագծով արժէքաւոր արուեստագիտուհի Նաթալի Դաւիթեանի մականին ներքեւ ստեղծուեցաւ մանկապատանեկան թատերախումբ մը։