ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ նշեց թաղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ հերթական գիտական խրախճանքը, որ 13-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Միջվարժարանային այս ծրագիրը վերջին տարիներուն կեանքի կը կոչուի հետեւողականօրէն եւ արդէն ստացած է աւանդական բնոյթ մը։
Պոմոնթիի «Իւչկէն» գեղարուեստից աշխատանոցի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասընթացքներու մասնակիցները շաբաթավերջին իրենց ստեղծագործական աշխատանքին պտուղները ներկայացուցին հանրութեան։ Քաղաքիս պուլկարական առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Շիշլի, տեղի ունեցաւ խառն ցուցահանդէս մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած անգլերէն բառախաղը երէկ եզրափակուեցաւ։ Նախընթաց օր միջնակարգերու մակարդակով տեղի ունեցած բառախաղերուն երէկուան եզրափակիչ փուլը միջլիսէական մակարդակի վրայ էր։
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց իր տարեկան աւանդական գարնան պտոյտը։ Թէ՛ պաշտօնի գլուխ գտնուող եւ թէ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներուն համար նախատեսուած էր այս պտոյտը, որուն մասնակցեցան բազմատասնեակ կրթական գործիչներ։ Էմիրկեանի «Պէյազ» ապարանքին մէջ համախմբուեցան պտոյտին մասնակիցները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները կեանքի կոչեցին պարի եւ երաժշտութեան փառատօն մը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ անգլերէն բառախաղի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ այս տարի կազմակեպուեցաւ 11-րդ անգամ։ Վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ձեռնարկը։