ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՄՐԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը։ Մխիթարեանցիներուն կողմէ կազմակերպուած ամրան աւանդական հաւաքոյթն էր այս մէկը, որով ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։
Սուրբ Աստուածածնի տօնի նախօրեակին համայնքին ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած Վաքըֆլըգիւղի վրայ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Դիմատետրի վրայ զետեղուած յայտարարութիւնը դարձաւ ուշագրաւ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լիա Խաւըթերս կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւն՝ համատեղելով բարձրագոյն ուսումն ու աշխատանքի փորձառութիւնը։
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու յարակից ստեղծուած խորհրդատու յանձնաժողովը երէկ Պատրիարքարանի երդիքին տակ նիստ մը գումարեցին՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյս մէջ, Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնին յաջորդող Կիրակի օրը տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Եկեղեցւոյ գանձատան մէջ կը պահպանուի Ս. Թադէոս առաքեալի սրբազան մասունքը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, անցեալ շաբաթավերջին իր հետն ունենալով ուխտաւորաց խումբ մը, հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Պուրկազ կղզի։ Խումբը դիմաւորուեցաւ պուրկազահայոց կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցին, ուր ձեռամբ հայր սուրբին մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Անտոն Սարկաւագի։
Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ երէկ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել: