ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութսալի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին կազմակերպուած այս երրորդ մրցաշարքը տեւեց 16 շաբաթ։

Պատրիարքարանի վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Քէօլնէն նամակ մը ուղարկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ փափաք յայտնած էր՝ ունենալ իր կողմէ ժամադրութիւն ապահովելու համար Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ կուսակալութեան ուղարկուած դիմումնագիրը։
Քէօլնի առաջնորդարանի աղբիւրները արձագանգ կը հանդիսանան ընտրեալ-տեղապահի Պոլսոյ համար նախատեսուած կարգադրութիւններուն:
Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ աւարտական եւ մրցանակաբաշխութիւն:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գերմանիա մեկնեցաւ եւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ հոծ թիւով սգաւորներով:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը աշակերտներ, որոնց կ՚ուղեկցէին հայերէնի երկու արժէքաւոր ուսուցչուհիներ՝ Սիւզան Ավճը եւ Թաթիա Մարաշլեան։ Աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի հետ։
Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ կատարուած տեղապահի ընտրութենէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը յեղաշրջած է թրքահայութեան օրակարգը:
Թաքսիմցիները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը: