ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարւոյ առթիւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարւոյ առթիւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
«Փոքրիկ» հէքեաթներու կայքէջը վերջին շրջանին ուշադրութիւն յառաջացուցած է մեր նախակրթարաններու սաներու շրջանակներէն ներս։ Կայքէջի բովանդակութիւնը ճոխ է, հետեւաբար նոյնիսկ մինչեւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները կրնան իրենց հետաքրքրութիւնը յագեցնել անոր միջոցաւ։
Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի ընդառաջ աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Քէրմէսի յատուկ կարգադիր յանձնախումբ մըն ալ բերած էր իր աջակցութիւնը այս ծրագրին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի ընտանիքին ներկայացուցիչները։ Այսպէս, հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քահանայ Ֆէնէրճեանի գլխաւորութեամբ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները Պատրիարքարան այցելեցին՝ թաղի վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիսը։ Իր պաշտօնին նոր ձեռնարկած ըլլալով՝ Ճենիֆըր Տէյվիս փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան եւ ծանօթանալ թրքահայ համայնքային կեանքին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ցաւակցական մը ուղարկեց՝ Իսթանպուլի մէջ պատահած վերջին ցնցիչ ահաբեկչական յարձակման բերումով։ Բաց աստի, յանուն Պատրիարքական Աթոռին երէկ ծաղկեպսակ մըն ալ թողուեցաւ Տոլմապահչէի մէջ կազմակերպուած սգահանդէսին ժամանակ։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ իր աւարտին հասաւ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած միջմիութենական 20-րդ նարտի մրցաշարքը։ Շուրջ ամիս մը տեւեցին խաղարկութիւնները, որոնք եզրափակուեցան երէկուան աւարտականներով։ Մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը, որուն յաջորդեցին Վաքըֆլըգիւղ, Պոմոնթի Մխիթարեան եւ Տատեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ երեկոյեան իր մահկանացուն կնքած է յայտնի պատմաբան ու բառարանագիր Բարսեղ Թուղլաճեան։ Ան եղած էր մեր մտաւորական կեանքի աշխոյժ դէմքերէն մին՝ բարձրագոյն ուսումը ստացած ըլլալով Միչիկընի համալսարանին մէջ։ Մխիթարեանի սան Բարսեղ Թուղլաճեան աւարտած էր Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը։
Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ հերթական անգամ ժամադրուած էին՝ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիրը ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսին պատրաստուած էին ձեռագործ իրեղէններ։ Դպրոցի համակիրները տաղաւարները այցելելով ըրին գնումներ եւ գոյացած հասոյթը յատկացուեցաւ հաստատութեան։