ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ԿԸ ԶՐԿՈՒԻ ԻՐ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻԷՆ
Մխիթարեանի ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ շաբաթավերջին համախմբուեցան յուզումնախառն հաւաքոյթի մը առթիւ։ Այսպէս, մասնաւոր երեկոյթով մը փակուեցան Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին դռները՝ վերանորոգութեան աշխատանքներու համար։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց համակրելի մեներգչուհի Սիպիլը, որ միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Երեւանի մէջ։
Այս շաբաթավերջին, Բուն Բարեկենդանին զուգահեռ Ֆէրիգիւղի Վարդանաց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պիտի նշէ իր տարեդարձը։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 108-րդ եւ երգչախումբի կազմաւորման 85-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, հովանաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։
Երէկ, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ խանդավառ խրախճանք մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը՝ Բարեկենդանի եւ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Տղաքը այս երկու տօներուն շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, դպրոցի ծնողաց միութենէն եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։
Գումգաբուի մէջ երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ աւանդական տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Երէկ, Էսաեան վարժարանի մէջ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենիի օրուան առթիւ։ Սովորական ձեւաչափէ դուրս կազմակերպուած էր մայրենիին ձօնուած օրուան յայտագիրը։
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերը։ Այս առթիւ քաղաքիս մէջ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պիւտճէի ու տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մինասեան։
Patrik Genel Vekili Sayın Başepiskopos Aram Ateşyan’ın riyasetlerinde, Türkiye Ermenileri Patrikliği Ruhani Meclisi’nin 13 Şubat 2017 Pazartesi günü yapılan toplantısı sonrasında, cemaatimiz yaşamında olağanüstü koşullar hasıl olmuş; üzücü gelişmeler yaşanmıştır. Aceleci davranmaktan kaçınmış olmakla birlikte, bugün vardığımız noktada, Patrikhanemiz aşağıdaki hususları cemaatimizin tüm değerli üyelerinin ve kamuoyunun dikkatine sunmayı uygun görmüştür: