ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեւոր հանդէս մը։ Տղաքը՝ ուսուցչուհիներուն վերահսկողութեամբ պատրաստուած էին իրենց տեսակէտէ իսկապէս շատ զուարճալի այս ձեռնարկին։
Գարակէօզեան Տան մէջ Նոր տարուան առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեւոր հանդէս մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» նորակառոյց գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան հաստատութեան պատասխանատուները, դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2017-ի տարեմուտին առթիւ տեղի ունեցաւ աւանդական հանդէս մը։ Ամբողջ դպրոցը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Նոր տարին։ Ամանորեան հանդէսը համախմբեց վարժարանի պատասխանատուները, ուսուցչական կազմը, աշակերտներու ծնողներն ու հիւրեր։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խանդավառ հանդէս մը։ Դպրոցի սաները յաջող երգերով եւ արտասանութիւններով արտայայտեցին իրենց հիմնական ամանորեան մաղթանքը, որն էր աշխարհի խաղաղութիւնը։
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրաւ նրբաճաշակ նոթատետրեր, որոնք զարդարուած են հայկական աւանդական թռչնագրերով։
Երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ մնայուն բնակիչներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը։ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ։
Նշանթաշըի «Իտիլ» գեղարուեստասրահը կազմակերպած է ցուցահանդէս մը՝ ողջունելու համար Նոր տարին։ 45 արուեստագէտ կը մասնակցի այս խառն ցուցահանդէսին, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն։ Գեղարուեստասէրները համախմբուեցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ՝ 2017 թուականին համար դրական սպասումներով, մանաւանդ խաղաղութեան ակնկալութեամբ։
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման արշաւը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Մխիթարեանցիները երէկ այցելեցին այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած վերջին երեք վարժարանները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքի Ամանորի խրախճանքը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Ժիրայր Տաղտեւիրէնէլ եւ Կարպիս Փոլատ, ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, ԶԻՊԷՉ-ի պատասխանատուները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։