«500 ԾԻԾՂՈՒՆ ԱՉՔ»
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման ծրագիրը այս տարի եւս կեանքի կը կոչուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ այս շարժման կամաւորները երէկ այցելեցին՝ սոյն ծրագրին մէջ ներառնուած վեց վարժարաններէն երեքը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին։
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Միութեան երդիքին տակ զանազան դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներուն համար նախատեսուած խրախճանք մըն էր այս մէկը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը Ամանորի շրջանին կը տեւականացնէ աւանդութիւնները։ Տօնական օրերու ուրախութենէն առաւելագոյն բաժինը կը վիճակի մանկապատանեկան կազմի անդամներուն։