ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ՈՐՈՇՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ անդրադարձաւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ անցեալ շաբթուան մէջ հայոց ցեղասպանութեան շուրջ ընդունուած որոշման, ինչ որ հակազդեցութեան մեծ ալիք մը յառաջացուցած է ամբողջ երկրին մէջ։ Պատրիարքարանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու նկատառման յանձնեցին Ընդհանուր Փոխանորդի նամակին բովանդակութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին հասցէագրուած նամակին թրքերէն բնագիրը։