Թրքահայ կեանք

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՌՈՒՆ ՇՐՋԱՆ

​Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը հանդիսաւորապէս բացաւ իր հիմնադրութեան 50-ամեակին զուգադիպած եղանակը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ կազմակերպուած արարողութիւններուն ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան Մուրատ Հազինետարին:

ՍԱՐԱՅԼԸ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը ամ­րան ար­ձա­կուր­դի ներ­կայ շրջա­նին թա­փով կը պատ­րաս­տուի 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նին։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն ներս ներ­կա­յիս վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին՝ ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց խմբագ­րա­տունս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նը միշտ կը հան­դի­սա­նայ իր զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Այս­պէս, ե­րէկ դպրոց այ­ցե­լե­ցին Է­սաեա­նի 1964-1965 տա­րեշր­ջա­նի նա­խակր­թա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք ապ­րե­ցան յու­զում­նա­լի պահեր եւ ու­նե­ցան ան­մո­ռա­նա­լի տպա­ւո­րու­թիւն­ներ։

ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հիւ­րըն­կա­լեց Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեա­նը, ո­րուն հետ էր նաեւ իր ա­մու­սի­նը՝ Ար­տա­շէս Մար­կո­սեան։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄՕՏ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­գա­յին տօ­նին՝ Ան­կա­խու­թեան օ­րուան առ­թիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քիս մօտ ԱՄՆ-ի հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ ԱՄՆ-ի Ազ­գա­յին տօ­նը կը նշուի Յու­լի­սի 4-ին, իսկ այս տա­րի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։

ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ 35-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի հիմ­նադ­րու­թեան 35-ա­մեա­կին շար­ժա­ռի­թով յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Գնա­լը կղզիի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յո­բե­լե­նա­կան ե­րե­կոյթ մը։ Նա­խըն­թաց օր, այս ձեռ­նար­կին ըն­դա­ռաջ խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ «Մա­րալ»ի պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան, ո­րոնք մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին նա­խա­տե­սուած ընթ­րի­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։

ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՍՊԵՏ ՋՈՒՆԴԻ ԵՒ ԿՈՂԱԿՑԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ԻՒՂԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բը տե­ղե­կա­ցուց, որ նկա­րիչ Եա­վուզ Քը­լը­չէր վե­րա­նո­րո­գած է Աս­պետ Ջուն­դի իւ­ղա­ներկ գոր­ծե­րը ու վե­րա­դարձու­ցած՝ ի­րենց։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մի­ջոց մը ա­ռաջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր, որ Աս­պետ Ջուն­դի եւ կո­ղակ­ցին շիր­մին մէջ կախուած մե­ծա­դիր իւ­ղան­կար­նե­րը եւ այլ սրբա­պատ­կեր մը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ան­հե­տա­ցած են։

ՀՐԱԺԵՇՏ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

​Մխիթարեանի 2014-2015 կրթական շրջանի հունձքին համար կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսը փայլուն անցաւ:
Վկայականները բաշխուեցան հանդիսաւոր պայմաններով - Դափնեկիրները արժանացան մասնաւոր գնահատանքի - Տղաքը ծափողջոյններու տարափին մէջ հատեցին կարկանդակ մը:

Էջեր