ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՐՈՇԵՑ ՓՈԽԵԼ ՊԷՅՔՈԶԻ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ
Վաքըֆներու խորհուրդը անցեալ Երկուշաբթի իր հերթական ժողովը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ նիստին ընթացքին կարեւոր որոշում մը առնուած է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Այսպէս, խորհուրդը որոշած է փոփոխութեան ենթարկել Պէյքոզի հայոց գերեզմանատան տարածքին կարգավիճակը։
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Այտա Քայաէր արդէն իր պաշտօնը փոխանցած է Թամար Ներկիզին։ Ան Գալֆաեանի ընտանիքէն հրաժեշտ կ՚առնէ յուզումնախառն զգացումներով։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ներկայիս յուզումնախառն զգացումներ կ՚ապրի վարժարանի տնօրէնի փոփոխութեան առթիւ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Արմէն Սարուխանեան հերթը կը փոխանցէ Ժանէթ Աւետիքեանին։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու վաստակաւոր կրթական մշակ ու գիտնական Տքթ. Արմաւենի Միրօղլուն, որ մեզի նուիրեց Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակուած իր գիրքը, որ կը կոչուի «Պոլսահայերը (1923-1939)»։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Վոսփորի արեւելեան ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը կը շէննայ այս Ս. Պատարագներու մատուցմամբ։ Երէկուան երգեցողութիւնները գլխաւորեց Նշան Սրկ. Չալկըճեան։