ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԻՒՐ
Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ եզակի համերգ մը, որու ծրագրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ։ Երէկ, Երեւանի մէջ այս նախագծին մասնակից արուեստագէտները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երգահան-երաժիշտ ու երգիչ Տանիէլ Տեքէր, որ ինքզինքը կոչումով հայ կը համարէ, այս համերգին շրջագծով առաջին անգամ հանդէս պիտի գայ ամբողջովին հայերէն երգացանկով մը։
Նկարչուհի Վերշա ներկայիս անհատական նոր ցուցահանդէսով մը կը ներկայանայ գեղարուեստասէր հասարակութեան։ Երէկ երեկոյեան, Թեշվիքիէի «Տերինլիքլէր» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վերշայի ցուցահանդէսին բացումը։
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պարգեւատրուեցաւ Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան (AIWA) կողմէ։ Սելինա Տողան, որ Պոսթոնի մէջ մասնակցեցաւ AIWA-ի եռօրեայ համաժողովին, մասնակցեցաւ նաեւ ասուլիսի մը՝ «Քաղաքականութեան եւ հանրային կեանքէն ներս կանանց ղեկավարութիւնը» նիւթին շուրջ։ Պոսթոնի մէջ իրեն յանձնուեցաւ հանրային բնագաւառէ ներս ղեկավարութեան մրցանակը
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, որուն կ՚ընկերանար Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ։ Ծանօթ է, որ Վարդապետը վերջին շրջանին Պէյրութէն՝ Զմմառի վանքէն քաղաքս փութացած է հոգեւոր սպասաւորութեան համար։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի նոր՝ չորրորդ գիրքը խմբագրած են Գրիգոր Պըլտեան եւ Սեւան Տէյիրմենճեան:
Պէյօղլուի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, ներկայիս Թաքսիմի հրապարակին վրայ կազմակերպուած է փառատօն մը, որուն համար նախատեսուած է յիսնօրեայ ծրագիր մը։ Պէյօղլուի յիսնօրեայ փառատօնը թէեւ առաջին անգամ կը կազմակերպուի, սակայն կ՚արժանանայ մօտիկ հետաքրքրութեան։ Յայտագիրը կ՚ընդգրկէ շարք մը ենթակայ տօնավաճառներ, որոնք կեանքի կը կոչուին հերթականութեամբ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, անդամներէն Նուրհան Ճէմճէմը եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւնը։
Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները ի յիշատակ իրենց ծնողաց Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս ապահովեցին շքեղ շիրիմի մը կառուցումը:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ աւանդական արարողութիւններուն: