ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը կը սգայ իր նախկին բազմամեայ վիճակաւորին՝ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան Գերապայծառի վախճանումը։ Յառաջացեալ տարիքի մէջ ի Տէր հանգած է Գերապայծառը, որ անջնջելի հետք մը թողած է Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան տարեգրութեանց մէջ։
Էսաեան վարժարանին մէջ երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցաւ 2016-2017 կրթական շրջանը։ Ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները։
Երեւանի մէջ, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ երկու արուեստագէտներու՝ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին շրջագծով տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։
Իսթանպուլի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Միջազգային ճատրակի բաց մրցաշարքը։ Մինչեւ տասներկու տարեկաններու դասաւորման մէջ այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա, որ խաղերը առանց պարտութեան աւարտելով բաժնեց երկրորդ կարգը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի նախագահ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ տնօրէն խորհուրդի անդամներ նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ 2 Հոկտեմբերին կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով պիտի նշուին դպրաց դասու եւ երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները՝ տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ:
Յայտնի նկարչուհի Ազնիւ Չոպան այս օրերուն մասնակցութիւն կը բերէ հաւաքական ցուցահանդէսի մը։ Այսպէս, Նշանթաշըի «Իտիլ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է «Երեւակայել» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։