ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Միջեկեղեցական այս ժամերգութեան նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը Անգարա այցելելով տեսակցեցաւ փոխ-վարչապետին հետ:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը այս առաւօտ մեկնեցաւ Սուրբ Երուսաղէմ։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ կը գլխաւորուի խումբը, որ կը բաղկանայ շուրջ վաթսուն հոգիէ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ յանձնուեցան պարգեւներ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ աւանդական լուբիայի օրուան հրճուանքը։ Շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ գարակէօզեանցիներու համախմբման, ինչպէս նաեւ յոբելեար ընթացաւարտներու պարգեւատրման։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Էսաեան բարեյիշատակ հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեաններուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յաւարտ Ս. Պատարագի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Մեր զանազան եկեղեցիներու կամ համայնքային յանձնախումբերու տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ Պատրիարքարան փութացին շնորհաւորութեան։
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Զանազան խրախճանքներով տղաքը ապրեցան տօնական շրջանի երջանկութիւնը։