ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու կողմէ խումբ մը հոգեւորականներ։ Հիւր եկեղեցականներու խումբը կը գլխաւորէր Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցիէն Հայր Նիքոլաուս Վիրվոլ Վարդապետ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լինտա Պիւյիւքսիմքէշեան յաջողութեամբ աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը։ Ան Պիւյիւքսիմքէշեան բարեհամբաւ գերդաստանի մերօրեայ շառաւիղներէն մին է։ Նախակրթութիւնը ստացած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած՝ Սեն Միշել ֆրանսական լիկէոնը։
Համայնքային շրջանակները այս շաբավերջին ժամադրուած են Սամաթիոյ մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ 2016-2017 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը։ Սիրոյ սեղանին ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրը, որուն կ՚ընկերանար Հերման Կիւրճեան։
ԳԵՐՅ. Հ. ՅՈՎՍԷՓ Ծ. Վ. ԹՈՓԱԼԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին բազմամեայ վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան Գերապայծառին մահը մեծ ցաւ ստեղծած է պոլսահայ կեանքէն ներս։ Տասնամեակներ շարունակ իր հօտը հովուած Չոլաքեան Գերապայծառ կը վերյիշուի իր մարդկային առաքինութիւններով եւ իր հարուստ կենսագրութեամբ։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան գումարեց 2016-2017 եղանակի առաջին ժողովը՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ: