184-ՐԴ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղեալ աշխատանքներուն շուրջ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքի բազմակողմանի գործունէութիւններու ծիրէն ներս, Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ հաղորդած էինք, Սարօ Սիրականեանի ջանքերով վերջերս Վարդանանց երգչախումբի շարքերէն ներս վերակենդանացած է թատերական գործունէութեան աւանդութիւնը։
