ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵՆԻԳԻՒՂ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները երէկ պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Ենիգիւղ։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ անոնք անցուցին հաճելի օր մը:
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։