ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեան։ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ սա Մեծ պահոց շրջանի հինգերորդ Արեւագալի արարողութիւնն էր, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Շիշլի մարզակումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ պատկերաւոր ճատրակի մրցաշարքի մը կազմակերպման։ «Լիոնս» ակումբի ցանցի Շիշլիի մասնաճիւղին եւ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ իրականացաւ շաբաթավերջի այս մրցաշարքը։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմէին Շիշլի մարզակումբէն Սարվէն Չաքմաք եւ Տիանա Ալթուն։