ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՓԱՅԼՈՒՆ ՔԷՐՄԷՍԸ
Շաբաթավերջի Մայրերու օրուան ընդառաջ, Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ կը կայանայ երկօրեայ քէրմէս մը, որ իր դռները հասարակութեան առջեւ բացաւ երէկ։ Վարժարանի քէրմէսի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ձեռնարկին նպաստած է նաեւ ծնողաց միութիւնը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան լիսէի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանը, որուն կ՚ընկերանար Սելին Գովան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Եւա Օրագեան մեզի յայտնեց, թէ Մխիթարեանի ընտանիքը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի այս տարուան աւանդական խաւիծի օրուան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երուսաղէմ մեկնելէ առաջ այցելութիւն մը տուաւ Հրէից րաբունապետարան, ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։